«Եռագույն». Պոլսո հայոց պատրիարքութիւնը յայտարարութիւն տարածած է սուրիական Աֆրին շրջանին մէջ թրքական բանակին կողմէ իրականացուող «Ձիթենիի ճիւղ» ռազմական գործողութեան առնչութեամբ, այս մասին կը տեղեկանանք պատրիարքարանի ֆէսպուքուեան էջէն:
Յայտարարութեան մէջ պատրիարքութիւնը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ սկսած գործողութեան ու կը նշէ, որ կ’աղօթեն «խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար, որու կարիքը այդքան ունի մարդկութիւնը»:
Պատրիարքարանի տարածած յայտարարութեան արձագանգած է պոլսահայութիւնը եւ խիստ քննադատած: Պոլսահայելորւ մեծ մասը համոզուած է, որ պատրիարքարանը ստիպուած չէր նման յայտարարութիւն տարածելու եւ կրնար լռել` այս հարցի առնչութեամբ մնալով անկողմնակալ:
Ըստ «Թերթ․am»-ի՝ պոլսահայ լրագրող Արիս Նալճը ընկերային մէկ ցանցի իր էջին մէջ, մեկնաբանելով պատրիարքութեան տարածած նամակը, գրած է. «Պատրիարքարանի հոգեւորականները Աստուածաշունչը հակառակ կողմէ՞ն կը կարդան, թէ՞ աչքերով չեն կարդար ընդհանրապէս»:
Յիշեցնենք, որ Յունուար 20-ին թրքական բանակը սկսած է Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող քրտական ազգային զինուած ջոկատներու (PYD/YPG) դէմ ռազմական գործողութեան, որ ստացած է «Ձիթենիի ճիւղ» անուանումը: Օդային առաջին յարձակումներէն ետք, Յունուար 21-ին թրքական զինուած ուժերու զինուորականները անցած են լայնածաւալ յարձակումի նաեւ ցամաքով: Յայտնի է, որ թրքական զինուած ուժերուն կ՛աջակցի «Սուրիական ազատ բանակ» ընդդիմադիր խմբաւորումը` ինչպէս 2016-ին ձեռնարկուած «Եփրատի վահան» գործողութեան ժամանակ: