«Գանձասար». Շաբաթ, 20 Յունուար 2018-ին, Հալէպի հիւսիսային Աֆրին քաղաքի տեղական աղբիւրներ ՍԱՆԱ-իՆ յայտնեցին, որ թրքական վարչակարգին թելադրանքով, թրքական օդուժը յարձակում գործած է Աֆրինի կարգ մը գիւղերուն ու աւաններուն դէմ։
Յարձակումին հետեւանքով զոհուած եւ վիրաւորուած են շրջանի քաղաքացիներ, արձանագրուած է նիւթական վնասներ։
ՍԱՆԱ-ի տուեալներով, վերջին քանի մը ամիսներուն, Թուրքիա տասնեակ կոտորածներու պատճառ հանդիսացաւ, երբ հրթիռակոծեց Հալէպի, Ռաքքայի, Լաթաքիոյ եւ Հասիչէի կարգ մը գիւղերը՝ ահաբեկչական խմբաւորումները թիրախ դարձնելու պատճառաբանութեամբ։ Իրականութեան մէջ, սակայն, զինուորական տեղեկութիւններու համաձայն, այդ խմբաւորումները սերտ կապերու մէջ էին Էրտողանի վարչակարգին ու թրքական գաղտնի սպասարկութեան հետ, յատկապէս «ՏԱՀԵՇ» ահաբեկչական խմբաւորումը, որ սուրիական տագնապի օրերուն, ամիսներ շարունակ սուրիական նաֆթահորերու քարիւղը ապօրինի միջոցներով կ՚արտածէր Թուրքիա՝ Թուրքիոյ վարչակարգի պատասխանատու մարմիններուն հետ գործակցաբար։
Հասիչէ տեղական աղբիւրները ՍԱՆԱ-ին յայտնեցին, որ թրքական հրթիռներ ռմբակոծած են նաեւ Հասիչէի հիւսիսարեւելեան շրջանի Խըրրապ Ռըշըք գիւղը, պատճառ դառնալով նիւթական եւ մարդկային վնասներու։
Յիշենք, որ սուրիական տագնապի օրերուն, Թուրքիա իր սահմանը լայնօրէն բացաւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորում ներուն դիմաց՝ դիւրացնելով անոնց թափանցումը Սուրիա։ Աւելին՝ ան այդ խմբաւորումները օժտեց արդիական զէնքերով ու քիմիական ռումբերով` զոր ահաբեկիչները բազմիցս օգտագործեցին Հալէպի եւ Իտլիպի քաղաքացիներուն դէմ, փոխարէնը սուրիական բանակը ամբաստանելով նման զէնքեր օգտագործելու զրպարտութեամբ։