«Ասպարեզ». Բաւական ճիգ թափելով՝ կարելի է քաղաքական նոր միջավայրի մը ուրուագիծը տեսնել Հայաստանի մէջ։
Բացի նոր սահմանադրութեամբ առաջադրուած խորհրդարանական կառավարման համակարգէն, որ պէտք է հիմնաքարը դառնայ նոր միջավայրին, այլ զարգացումներէ կամ թերեւս անցեալի փորձառութիւններէն մեկնած՝ ակներեւ են քաղաքական դաշտին վրայ դրական տեղաշարժներ:
Այս դրական երեւոյթներէն առաջինը ազդարարուեցաւ իշխող կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի կողմէ, երբ ան իր վերջնական որոշումը տալէ առաջ, յայտարարեց քաղաքական եւ հասարակական լայն շրջանակներու հետ հանդիպելու իր ցանկութիւնը: Իբրեւ պետութեան խորհրդանիշ ներկայանալու անձի մը ճի՛շդ դրսեւորում էր Սարգսեանի յայտարարութիւնը:
Ընդդիմութեան դաշտը եւս դրական միջավայրի մը նախանշանները ցոյց կու տայ՝ իր առաջին բողոքի ցոյցով: Փոխանակ իշխանափոխութեան անիրագործելի պահանջով փողոց դուրս գալու, ընդդիմադիր ճակատը նախընտրեց հասարակութիւնը յուզող մէկ հարցին շուրջ կեդրոնանալ: Էլեկտրիկ-Երեւանի եւ ուղեւորափոխադրութեան թանկացումներուն դէմ անցեալի ազդեցիկ ցոյցերը ունին բաւական ուսանելի դասեր, որոնցմէ օգտուելու վկայութիւն էր ընդդիմութեան որդեգրած վարքագիծը: Պէտք է յուսալ, որ այդ ցոյցերը իրենց աւարտին հասցնող պայմանները եւս կը սերտուին ընդդիմադիրներուն կողմէ:
Ոստիկանապետ Վովա Գասպարեանի՝ ոստիկանական համակարգը մաքրելու եւ հին, կարծրացած գործելակերպով աշխատողներէն ձերբազատուելու մասին Ուրբաթ, Յունուար 19ի յախուռն յայտարարութիւնը եւս կարելի է ընդունիլ իբրեւ այդ միջավայրը ուրուագծելու փորձ:
Այս ուրուագիծին միս ու ոսկոր տալու ամէնէն լուրջ պատասխանատուութիւնը կը մնայ ուսերուն՝ իշխող կուսակցութեան հետ աշխատելու դաշինք կնքած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ իր վարկն ու հեղինակութիւնը կշիռի վրայ դրած է համակարգային փոփոխութեանց լիարժէք իրականացման ի խնդիր:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ