Բարեւ Ձեզ Սիրելիներ,
Արդարութիւնը եւ ճշմարտութիւնը որոնողները,
Յոյսի եւ փողոցի անուշիկ զաւակները, բարեւ,
Տասնմէկ տարի առաջ, Հրանդ Տինքը, այս մայթին վրայ, ծոծրակէն կրակելով սպանեցին։
Ամիսներ առաջ Հրանդի տան եւ Ակօսի շուրջը հետազօտութիւններ ընելով, կրակող խումբը կազմակերպած ժանտարման, ոստիկանութիւնը եւ գաղտնի սպասարկութեան ծառայողները այդ օր, այս մայթին վրայ, սրճարաններու մէջ, բոկեղավաճառ խանութներու մէջ նստած, երկար ժամանակէ ի վեր իրենց ծրագրած ոճիրի գործադրման կը սպասէին։
Ոճիրը ըստ ծրագրուածի գործադրուելէն եւ նշանառուին փախուստ տալէն վստահ ըլլալէ ետք, այս անգամ, ոճիրը քննել ձեւանալով, փորձեցին ոճիրին հետքերը վերացնել, փաստերը պղտորել, տեսախցիկներուն արձանագրութիւնները հաւաքել, որոնք պիտի ջնջէին հետագային։
Հակառակ անոր, որ ոճիրը ամբողջութեան արձանագրած էին, «իբրեւ թէ» փաստեր կը հաւաքէին, «իբրեւ թէ» հարցաքննութիւն կ՚ընէին։ Եւ այս «իբրեւ թէ»-ները բնաւ չվերջացան։
Այդ օր պետութիւնը այստեղ էր։ Պետութիւնը այստեղ էր իր ոստիկանութեամբ, ժանտարմաներով եւ գաղտնի սպասարկութիւններով։ Սակայն Հրանդ Տինքի կեանքի անվտանգութիւնը ապահովելու համար եւ ապրելու իրաւունքը պահպանելու համար չէ, այլ վստահ ըլլալու համար, որ կրակողները իրենց գործը տեղին կը կատարեն։
Հրանդ Տինքի սպանութիւնը, քաղաքական ոճիրներու եւ սպանութիւններու առաջինը չէր անշուշտ, եւ դժբախտաբար չեղաւ վերջինը։
Սակայն Հրանդ Տինքի սպանութիւնը հասարակութեան մէջ հակազդեցութիւն մը արթնցուց, որ իրենց հաշիւներէն դուրս էր։ «Ալ կը բաւէ» ըսել տուաւ։ Հարիւրհազարաւորներ միացան յուղարկաւորութեան օրը ու անոնք այժմ չեն կրնար փակել դատը, որ պիտի ուզէին մի քանի կրակողով փակել։
***
Օսմանեան Կայսրութենէն Հանրապետութիւն, միակուսակցական համակարգէն բազմակուսակցական կեանք, զինուորական իշխանութենէն մենատիրական ռեժիմ, ռեժիմներ, համակարգեր կը փոխուին, բայց պետութեան բնաւորութիւնը, գործելակերպը եւ զուլումը կը շարունակէ նոյնը մնալ։
Հասան Ֆէհմիի ոճիրէն մինչեւ Սապահատտին Ալի, Ապտի Իփեքճիէն մինչեւ Տողան Էօզ, Ուղուր Մումճուէն մինչեւ Մուսա Անթէր, պետական պաշտօնեաներու դեր խաղացած եւ մարդասպաններուն պաշտպանուած բոլոր ոճիրները, պետութեան «քաղաքական սպանութիւններու աւանդութեան» մէկ մասնիկն են եւ պետութեան գոյութենական գործօններէն են։
Ունենալով տարբեր անուններ, մարդասպանները միշտ նոյնն են։ Համիտեան Հեծելազօրէն մինչեւ Թաշքիլաթը Մահսուսա, Սէֆէրպէրլիքի քննիչ յանձնախումբերէն մինչեւ Քոնթըրկէրիլլա, Յատուկ պատերազմական ատեաններէն մինչեւ Ժիթեմ…
Իսկ այսօր, «Ոստիկանութեան յատուկ ուժերը», «Ժանտարմայի յատուկ ուժերը» եւ անպատժելիութեան զրահով վահանուելու ինքնավստահութեամբ «Ժողովրդական յատուկ ուժերը»։
Շրջան մը Ֆէթհուլլայականներուն հետ ուս ուսի տուած Էրկէնէքոնականներու դէմ, իսկ յետոյ Էրկէնէքոնականներուն հետ միացած բոլոր յանցանքները կը նետեն Ֆէթհուլլայականներուն։
Քանի որ մեքենան նոյն մեքենան է, փոփոխուողը միայն մեքենագէտն է։ Մի նայիք այսօր իբրեւ թէ հակառակ բեւեռներու վրայ են, իրարու աչք կը փորեն, ասոնք նոյն յարթակին, նոյն գործիքին կցորդն են։
Ասոնց կռիւը սահմանուած է պետութիւնը ձեռք անցնելով եւ ձեռք ձգած դիրքերու իշխանութեամբ իրենց տէրութիւնը յաւիտենական դարձնելով։
Ասոնց հոգը չէ ժողովրդավարութիւնը, խաղաղութիւնը, արդարութիւնը, մարդկային իրաւունքները։
Սակայն նոյնն է իրենց մղձաւանջը եւ նոյն վախէն կը սնի՝ Ճշմարտութիւն եւ Արդարութիւն։
Ասոնց առաջին ինքնապաշտպանական գիծն է ճշմարտութիւնը քօղարկել, որմէ եւ մահացու կը վախնան։ Քանի որ գիտեն, ի վերջոյ արդարութիւնը պիտի գայ եւ հաշիւ պիտի պահանջուի Հայց ցեղասպանութեան համար, Տերսիմի համար, Մարաշէն մինչեւ Սիվաս, Իլհան Էրտոսթէն մինչեւ Մեթին Կէօքթեփէ, Թայպեթ Ինանէն մինչեւ Քեմալ Քուրքութ, մինչեւ Սեւակ Պալըքճը, Հրանդ Տինքէն մինչեւ Թահիր Էլչի։
Ճշմարտութիւնը քօղարկելու եւ իշխանութեան շարունակութեան համար, մշտական թշնամի Հայերը, Քիւրտերը, Ալեւիները, ձախակողմեանները և ընդդիմադիրները կեղեքելու համար հրոսակները կը ստեղծէ պետութիւնը, ձեռքերը արիւնով ոճրագործները գործի կը լծէ։ Նախկին ոճիրները ծածկելու համար նոր ոճիրներ կը գործէ։
***
Առաւել եւս, ասիկա աշխարհին մէջ ամէն տեղ այսպէս է։ Պետութիւն կոչուած համակարգը արիւնով, բռնութեամբ եւ վայրագութեամբ կը սաստէ ամէն տեսակ ազատական տենջ, ամէն տեսակ հաւասարութեան եւ արդարութեան պահանջ։ Սակայն իր դէմ կը գտնէ Պրոմէտները, Սպարտակները, Ռոզա Փարքսերը, Մանտելաները, Մարտին Լուտէր Քինկերը, Կանտիները եւ Փլազա Տէլ Մայոյի Մայրերը։
Անթիւ ու անհամար դիմադրողականները որոնց անունները իսկ չենք գիտեր…
Եւ ի վերջոյ դիմադրողականները յաղթական կ՚ըլլան։ Մանտելան բանտէն կ՚ազատի, ցեղապաշտ պետական համակարգը կը փլուզուի եւ ինք կը դառնայ նախագահ։ Հնդկաստանի մէջ Կանտին եւ հետեւորդները ի վերջոյ իրենց երկրէն կը վտարեն Անգլիացի գաղութատէրերը։ Ռոզա Փարքս իր ուզած դուռէն կը մտնէ հանրակառք եւ նստի իր ուզած տեղը։
Տասնչորս տարի առաջ, հարիւր տարուան ճշմարտութիւնը քօղարկելու համար Հրանդ Տինքը աչքէ հանեցին։ Իշխանութեան պայքարը անոր կեանքին վրայէն տարին։ Այսօր եւս, իրենց կռիւները անոր վրայէն, այս անգամ դատավարութիւններու միջոցաւ կը տանին։
Կը շարունակեն իրենց հաշուամագրումներուն մէջ շահագործել Հրանդ Տինքը, որուն կեանքը առած էին տասնմէկ տարի առաջ։
Կ՚ուզեն հաւատանք իրենց նոր գրած թատերախաղին եւ կ՚ուզեն դադրինք զիրենք հետապնդելէ։ Ըստ այս նոր թատերախաղին, Հրանդ Տինքի դահիճները իշխանութեան պայքարի պարտուած կողմն են, որոնց հետ տակաւին երեկ ձեռք ձեռքի էին։
Ձեր գրած իւրաքանչիւր թատերախաղ, ճշմարտութեան պզտիկ բաժինն է պարոններ, չէք կրնար մեզ խափել այսպէս, գրեցէ՛ք տեղ մը՝ կ՚ուզենք ճշմարտութիւնը եւ ամբողջ ճշմարտութիւնը։ Գիտենք որ ասիկա շատ դժուար է։ Բայցեւայնպէս, պիտի չհրաժարինք ոճրագործը մատնանշելէ եւ դատապարտելէ։
«Աշխարհը վտանգաւոր վայր մըն է ոչ թէ աթոռ շինողներուն պատճառով, այլ անոնց, որոնք առանց բան մը ընելու նստած կը մնան»։ (Ալպերթ Այնըշթայն)
Ինչպէս, աշխարհի միւս նման երկիրներու մէջ, այստեղ եւս բռնակալը իր ուժը կ՚առնէ հանդիսատեսներէն, իր հանդիսատեսներուն շնորհիւ կը զօրանայ, «ուժ»-ը կը դադրի «ոճիր» ըլլալէ հանդիսատեսներէն առնուած լռելեան հաւանութեամբ։ Ոճրագործները չեն դատապարտուած, ոճիրները մնացած են անպատիժ։
1915ի ցեղասպանութիւնը իր հանդիսատեսները ոչ միայն վերածեց վկաներու, այլ այս մեծ աղէտի ընթացքին եւ ետքը գործուած բոլոր ոճիրներու մեղսակիցի վերածեց։ Միայն դիմադրողականներունը, անարդարութեան դէմ կեցողներուն ձեռքերն է, որ մաքուրն են։
Որովհետեւ Լեվինաս կ՚ըսէ թէ՝ «Ուրիշին վրայ անսահման իշխանութիւնը միայն սպանութեամբ կարելի է։ Սակայն մեռցնելով մեռած կ՚ըլլայ թիրախ ենթական»։
Որովհետեւ այնքան ատեն որ չենք առերեսուիր Ցեղասպանութեան հետ, այդ մեծ աղէտին հետ, մեր կեանքը կը շարունակէ մնալ բռնութեան գերին, եւ փաստ է որ ճիշդ այդպէս ալ եղաւ։
Որովհետեւ ինչպէս Արէնտթ կը յիշեցնէ, «Եթէ չարիքը մէկ անգամ պատահած է, պատճառ չկայ որ մէկ անգամ եւս չպատահի։ Ապրուածը կ՚արձանագրուի գիտակցութեան մէջ, եւ որքան որ անցեալին, այնքան ալ ապագային կը վերաբերի»։
Չարիքին ոտնաձայնները աւելի բարձր կը լսուին ամէն օր, օրեր կ՚ապրինք որոնք կը սպառնան մեր ամբողջ կեանքին վրայ։
Արտակարգ իրավիճակը շարունակական եւ մնայուն վիճակի հասցուած է։
Օրինական կուսակցութեան մը համանախագահները, խորհրդարանի անդամները նետուած են բանտ, ընտրուած քաղաքապետներ ազատուած են իրենց պաշտօններէն։ Լրագրողներ, իրաւապաշտպաններ, այլ երկիրներու հետ կեղտոտ յարաբերութիւններու պատճառով կը շարունակեն մնալ բանտերու մէջ։
Արտայայտութեան ազատութիւնը վերացած է։ Լրագիրներ, հեռատեսիլներ փակուած, գիրքեր հաւաքուած են։
«Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ով հազարաւոր աշխատաւորներ կը հեռացուին իրենց աշխատանքներէն առանց դատական վճիռներու։ Այս ալ չի բաւեր, «գործս ետ կ՚ուզեմ» ըսելով հացադուլի սկսած Նուրիէ եւ Սեմիհ կը բանտարկուին։
Բանուորական ոճիրները, կիներու դէմ ոճիրները հասած են կոտորածներու մակարդակի։
Միայն մարդիկ եւ կեանքերը չեն կոտրուողները։ Հարիւրաւոր տարիներ դիմադրութիւն ցուցաբերած Քուրշունլու Մզկիթի, Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցիի, Քառոտանի Մինարէի նման պատմական արժէքներ, հսկայական թաղամաս մը, անուններէն մէկը Կեաւուր Թաղ եղող Սուրը, բառին բուն իմաստով գետնայարկ եղած է, անշուշտ դարձեալ պետական հսկողութեամբ։ Զբօսայգիներ, յուշարձաններ, գերեզմանատուներ քանդուած են, եկեղեցիներ պղծուած։ Նոյնիսկ դիակները բռնութեան կ՚ենթարկուին։
Կարծես այս բոլորը չի բաւեր, քաղաքացիները ոճիր գործելու քաջալերեցնող, նոյնիսկ խրախուսող «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ը եւ ամէն օր նորայայտ զինեալ մարզումի բանակավայրերը կարծես նոր ոճիրներու եւ կոտորածներու պատրաստութիւնը ըլլան։
Չըլլա՞յ թէ ծանր եւ նոր ամօթանքներ պիտի ապրեցնեն այս հասարակութեան, որ արդէն իսկ անցեալի ծանր ամօթանքներով բեռնաւորուած է:
Այս հասարակութեան ապագան հանդիսացող զաւակներուն, բացի ամօթանքէ, ուրիշ բան չունի՞նք ժառանգելիք:
Անշուշտ ունինք,
Մեր զաւակներուն ոչ թէ ոճիրի եւ բռնութեան ամօթանքը, այլ ժողովրդավարութիւն, զանազանութիւններով մէկ տեղ ապրիլ եւ բռնութեան ու զուլումին դիմադրելու մշակոյթը ժառանգելը տակաւին կարելի է:
Ժամանակն է Թահիր Էլչի ըլլալու եւ բռնութեան դէմ ելլելու, խաղաղութիւնը պաշտպանելու:
«Խաղաղութեան համար ակադեմականներ»-ու կողքին «Այս ոճիրին մեղսակից չենք ըլլար» բարձրաձայնելու ժամանակն է:
«Շաբաթօրեայ մայրեր»-ուն հետ միասին, անոնց նման յամառ եւ աննկուն կերպով, առանց խրտչելու կամ յոգնելու մեր զաւակներուն գերեզմաններն ու դահիճները փնտռելու ժամանակն է:
Օսման Քաւալայի նման, ժողովուրդներուն միջեւ երկխօսութեան, միատեղ ապրելու կամքին, Անատոլիայի մշակոյթին, արուեստին ու երգին կեանք տալու ժամանակն է:
Դատաւորներուն ու դատախազներուն իրենց գլուխները աւազի մէջ թաղած, փաստաբանական պալատներուն ամչկոտ յայտարարութիւններ ընելէն բացի բան մը չըրած այս մթնոլորտին մէջ, 42 շաբաթ է ի վեր, իրաւունքի, օրէնքի եւ արդարութեան համար պայքարող «Արդարութեան հսկում»-ի կանգնած փաստաբաններուն կողքին հսկելու ժամանակն է:
Ժամանակն է կողքը կանգնելու Ահմէթ Շըքի եւ միւս լրագրողներուն, որոնք բռնութեան դէմ չեն խոնարհիր:
Ժամանակն է ուժ տալու Նուրիէ եւ Սեմիհի եւ իրենց նման «Օրէնքի ուժով հրահանգներ»-ու բռնութեան դիմադրողներուն:
Այշէ ուսուցչուհիին նման «երեխաները չմեռնին» ճչալու ժամանակն է:
Կը հարցնէ՞ք ինչպէս պիտի ընենք:
Փողոցը կեանք է, ազատ տարածք է, սորվինք կիներէն եւ չլքենք փողոցը:
Քալենք ճամբայէն ոչ թէ մարդասպաններուն եւ գողերուն, այլ Հաճի Հալիլներուն, որոնք ամէն տեսակ վտանգ աչքի առնելով պաշտպանած են իրենց հայ դրացիները, Լիճէյի կառավարիչ Հիւսէյին Նեսիմիներուն ճամբայէն, որոնք հայերու ջարդուելուն դէմ կեցած են:
Ըլլանք Հրանդ Տինք, մեր միացուցած թեւերը լայն բանանք եւ հսկայ աշխարհը գրկենք ու մէջը սիրով լեցնենք:
Եկէ՛ք ըլլանք Հրանդ Տինք, խաղաղութեան, ժողովրդավարութեան, միատեղ ապրելու մշակոյթին եւ երկխօսութեան ամէնէն ընդարձակ ճակատը կազմենք:
Աշխարհը ստեղծուած օրէն ի վեր, արդարութեան, ազատութեան, հաւասարութեան, խաղաղութեան համար պայքարողներու, դժոխքը դրախտի վերածել պահանջողներուն տոհմէն կու գանք: Ասկէ առաջ ըրած ենք, դարձեալ պիտի ընենք:
Մամուլի հաղորդագրություն