Այս շաբթուան մէջ կը լրանայ թերթիս հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 11րդ տարելիցը: Անշուշտ որ խիստ անբաւարար է «մահուան» եզրը, քանի որ կը խօսինք 1.5 միլիոն+1րդ նահատակի մասին: Ինչպէս կը տեսնենք, Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ յաղթեց մահուան: Այս հաստատումին վառ ապացոյցն է 11րդ տարելիցին առթիւ ցուցաբերուած աշխարհասփիւռ ուշադրութիւնը:
Արդարեւ, ոչ միայն Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ, այլ շատ աւելի ընդարձակ տարածքի մը վրայ կը յիշուի իր ժողովուրդին արդարութեան պահանջին մէջ մարտիրոսացած հերոսի մը յիշատակը: Սակայն, այսօր կ՛արժէ ուշադրութիւնը սեւեռել դէպի այն մթնոլորտը, որուն զոհը գացած է Հրանդ Տինք: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը արդար կերպով այդ թունաւոր մթնոլորտը պիտի կապէ Թուրքիոյ աւանդական չարագործութեան: Սակայն խնդիրը միայն այս պարզութեան մէջ դիտելը խիստ անբաւարար է: Պէտք է յիշեն, որ այդ թունաւոր մթնոլորտին մէջ իրենց բաժինը ունէին մեծ թիւով հայեր, որոնք ընդմիշտ պատրաստ էին Հրանդ Տինքը յօշոտելու, անոր գաղափարներուն մէջ զիրենք անհանգստացնող բազմաթիւ գործօններու պատճառաւ: Նախ եւ առաջ, Հրանդ Տինք սպառնալիք մըն էր հասարակութեան այն խաւին համար, որ համակերպած էր իր ապրած երկրի բոլոր անարդարութիւններուն, նոյնիսկ կը կիսէր այդ անարդարութիւնները:
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում