Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեան, այս օրերուն կը գտնուի Գերմանիոյ մէջ, գլխաւորելու համար Գերմանիոյ Թեմի նոր առաջնորդի ընտրութեան սկզբնական գործընթացին։
Գերմանիոյ Առաջնորդարանի Դիւանի հաղորդագրութեան համաձայն Ն. Ս. Օ. Տ. Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը 9 Յունուար 2018 թուակիր նամակով ընդունած է Գերմանիոյ Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պեքճեանի հրաժարականը եւ տուած է Հայրապետական իր օրհնութիւնը` ընտրելու Գերմանիոյ Հայոց Թեմի համար Առաջնորդական Տեղապահ մը:
Գերմանիոյ Հայոց Թեմի Թեմական Խորհուրդը, Տեղապահ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, 12 Յունուար 2018-ին գումարած է արտահերթ ժողով։ Թեմական Կանոնադրութեան համաձայն, գաղտնի քուէարկութեամբ կատարուած է Առաջնորդական Տեղապահի ընտրութիւն եւ միաձայնութեամբ ընտրուած է Հոգշ. Տ. Սերովբէ Վրդ. Իսախանեան։
Թեմական Խորհուրդը իր 14 Յունուար 2018 թուակիր նամակով ընտրութեան արդիւնքը հաղորդած է Վեհափառ Հայրապետին, խնդրելով Նորին Սրբութեան` վաւերացումը, ինչպէս նաեւ Հայրապետական Օրհնութիւնը։
Գարեգին Սրբազան Հայրը՝ որպէս Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ Տեղապահ պաշտօնի կոչուելէն յետոյ, գործնականապէս հեռացած՝ Առաջնորդական պաշտօնէն։ Իսկ, նիստերէ յետոյ Նորին Սրբազնութիւնը այլեւս պաշտօնապէս հեռացած եղաւ Գերմանիոյ Թեմի Առաջնորդութեան պաշտօնէն։