Պրիւքսէլ, 12 Յունուար 2017 – ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կ’ողջունէ եւրոխորհրդարանի Եւրոպայի համար ազատականներու եւ ժողովրդավարներու դաշինք (Alliance of Liberals and Democrats for Europe, ALDE) քաղաքական խումբի պելճիքացի անդամ Լուի Միշէլի նախաձեռնութիւնը՝ գրաւոր երկու հարցեր ուղղելու Եւրոպական յանձնաժողովին եւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ՝ Ֆետերիքա Մոկերինիին, բարձրացնելով «Էրազմուս +» ծրագրէն Արցախի ուսանողներու բացառումը, ինչպէս նաեւ Արցախի եւ Ատրպէյճանի սահմանին հետաքննութեան մեքանիզմներու տեղադրման մասին:
Լուի Միշէլ Եւրոպական յանձնաժողովին ուղղած գրաւոր իր առաջին հարցով կը բարձրացնէ «Էրազմուս +» ծրագրէն արցախցի ուսանողներու բացառման խնդիրը, մինչ Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր վեց երկիրներու համալսարանականները կ’օգտուին ծրագրէն եւ իրենց ուսման մէկ մասը կ’ամբողջացնեն Եւրոպայի մէջ:
«Լեռնային Ղարաբաղի – Արցախի ներկայիս կարգավիճակը պատրուակ պէտք չէ ըլլայ Արցախի ժողովուրդի, յատկապէս ուսանողներու եւ երիտասարդութեան ընկերային մեկուսացման համար: Տարածաշրջանէն ներս խաղաղութիւնը վերջնական նպատակն է, եւ Լեռնային Ղարաբաղի երիտասարդութիւնը պէտք է ունենայ այն նոյն իրաւունքները, որոնք ունին Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր վեց երկիրները: «Լուի Միշէլի գրաւոր հարցը կարեւոր քայլ մըն է հասարակութիւնը տեղեկացնելու եւ այս կարեւոր հարցի արծարծումը Եւրոմիութեան որոշում կայացնողներու շրջանակին մէջ», ըսաւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան:
Երկրորդ հարցով՝ Միշէլ կը դիմէ ԵՄ արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերերինիին `յստակացնելու համար, թէ ի՞նչ ձեւերով Միութիւնը մտադիր է աջակցիլ զինադադարի պահպանման եւ ԵԱՀԿ հետաքննութեան մեքանիզմներու զետեղման:
«Շփման գծի երկայնքին հետաքննութեան մեքանիզմները տարիներ առաջ ԵԱՀԿ-ի կողմէ առաջարկուած վստահութիւն ներշնչելու միջոցներէն են: Պիտի յստակացնէ, թէ ո՞ր կողմն է զինադադարը խախտողը: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը շարունակէ մերժել տեղադրումը, մինչ Հայաստան սկիզբէն համաձայն գտնուեցաւ: Եւրոմիութիւնը պէտք է դժգոհի Ատրպէյճանի շարունակական մերժումէն, որ պատճառ կը դառնայ մահացու կորուստներու: Գոհ ենք, որ Եւրոխորհրդարանի անդամները կը բարձրաձայնեն այս հարցին մասին», եզրափակեց Կարապետեան:
Արցախի խաղաղութեան գործընթացին նպաստելու նպատակով՝ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը խրախուսէ Եւրոխորհրդարանի այլ անդամներ եւս, որ բարձրացնեն այս խնդիրները եւ Յանձնախումբը ուշադրութեամբ պիտի հետեւի Եւրոյանձնաժողովի եւ Եւրոպական միութեան արտաքին գործողութիւններու ծառայութեան տալիք պատասխաններուն, առաւելագոյնը վեց շաբթուան ընթացքին:
Ահա եւրոերեսփոխան Լուի Միշէլի հարցադրումներուն յղումները.-
Մամուլի հաղորդագրություն