«Գանձասար». ՍԱՆԱ-ի համաձայն, սուրիական բանակը, իրեն ընկերակցող ինքնապաշտպանական ջոկատներուն գործակցութեամբ, Իտլիպ նահանգի ազատագրման իր մարտերուն ընթացքին, մինչեւ օրս նահանգի հարաւարեւելեան արուարձաններուն մէջ ազատագրած է 23 գիւղ ու աւան՝ նահանջի մատնելով «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկիչները։
Բանակի երկրաչափական միաւորները սկսած են ականազերծել ազատագրուած տարածքը։
Յիշենք, որ երկու ամիսէ ի վեր, սուրիական բանակը զինուորական լայնածաւալ գործողութեան ձեռնարկած է՝ ազատագրելու Հալէպի, Իտլիպի եւ Համայի գիւղերուն մէջ տարածուող շրջանը «Ճապհաթ ալ Նուսրա»ի զինեալ ահաբեկիչներէն։