Հայաստանի բնակիչը նոր տարին սկսաւ գնաճին ու թանկացումներուն պատճառած պրկումներով:
Յայտնի է, որ ժողովրդային դժգոհութեան ալիք մը կայ՝ ընդդէմ այս թանկացումներուն: Այդ ալիքը կը վերածուի՞ ժողովրդային բողոքի ցոյցերու, թէ պարզապէս կը դառնայ արտագաղթի մէկ նոր ազդակ: Յամենայնդէպս, ընդդիմութիւնը, յանձինս «Ելք» դաշինքին, որոշած է օգտուիլ պահէն եւ ժողովրդային բողոքի ցոյցերով իշխանութեան վրայ ճնշում բանեցնել:
Իշխանութեան գլուխ կանգնողները, ներառեալ՝ նախագահը, այս անգամ որոշած են չանտեսել խնդիրը եւ առնուազն ձեւացնել, թէ կը փորձեն մեղմացնել թանկացումներու ծանր հետեւանքները: Նախագահին՝ այս հարցով տնտեսութեան պատասխանատուներու խորհրդակցական հանդիպում կատարելու նախաձեռնութիւնը, նոյնի՛սկ եթէ ձեւական է, կրնայ որոշ պաշտօնատարներ մղել, որ մեղմացման նպաստող քայլեր ձեռք առնեն:
Մեղմացումը, անշուշտ, ընկերվարական գաղափարախօսութիւն ունեցող կուսակցութեան մը համար նպատակ չի՛ կրնար ըլլալ: Իշխանութեան հետ համագործակցութեան դաշինք կնքած ըլլալու փաստը կրնայ «մեղմացման» ժամանակաւոր լուծումը հանդուրժելի դարձնել, եթէ անշուշտ այդ ժամանակաւորը հիմնականի վերածելու նախապայմանները տեսանելի ըլլան:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում