Սուրիական Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ Երեքշաբթի, 9 Յունուար 2018-ի առաւօտուն, սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ետ մղած են սուրիական հողերուն վրայ կատարուած իսրայէլեան երեք յարձակում:
Սուրիական բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ առաւօտեան ժամը 2:40-ին, լիբանանեան օդային տարածքէն շարք մը հրթիռներ արձակուած են Դամասկոսի արուարձաններուն մէջ գտնուող Քաթիֆա գիւղին վրայ: Հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը հակազդած են եւ հարուածած յարձակում գործող օդանաւերէն մէկը: Իսրայէլեան յարձակումին թիրախ դարձած շրջանին մէջ կը գտնուին սուրիական բանակին պատկանող կարեւոր ռազմակայաններ:
Սուրիական բանակը յայտնեց նաեւ, որ առաւօտեան ժամը 3:04-ին Իսրայէլ բռնագրաւեալ Կոլանի շրջանէն արձակած է ցամաքէ-ցամաք երկու հրթիռ, որոնք վար առնուած են սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ:
Առաւօտեան ժամը 4:15-ին իսրայէլեան օդանաւերը այս անգամ բռնագրաւեալ Պաղեստինի Թապարիա շրջանի օդային տարածքէն արձակած են չորս հրթիռ, որոնցմէ մէկը վնասազերծուած է սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերուն կողմէ, իսկ մնացեալները ինկած են զինուորական դիրքի մը մօտ` պատճառելով նիւթական վնասներ:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Գանձասար»–ի կայքում