10 Յունուար 2018-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Անթիլիասի Մայրավանքի իր գրասենեակին մէջ ընդունեց «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան նախագահ՝ Զարուհի Փոստանջեանը։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Սփիւռքի Նախարարութեան Լրագրողներու Համակարգող Խորհուրդի նախագահ եւ Սփիւռքի Նախարարութեան Հասարակական Խորհուրդի անդամ՝ Շահան Գանտահարեանը։
Տիկին Զարուհի Փոստանջեանը Վեհափառ Հայրապետին ներկայացուց իր տեսակէտներն ու մտահոգութիւնները Հայաստանի ներկայ ու յառաջիկայ քաղաքական ու տնտեսական կեանքին առնչուած, յատկապէս անդրադառնալով Սփիւռքի հայութեան աւելի գործօն դերակատարութեան անհրաժեշտութիւնը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հզօրացման աշխատանքներուն մէջ։
Նորին Սրբութիւնը, իր կարգին, շեշտեց՝ թէ Սփիւռքը կոչուած է առանցքային դեր ունենալու պետական կառոյցներու ամրապնդման եւ ընդհանրապէս հայրենասիրութեան գծով եւ հետեւաբար, հարկ է Սփիւռք-Հայաստան գործակցութիւնը աւելի ծաւալել, որպէսզի Սփիւռքի դերակատարութիւնը դառնայ աւելի հետեւողական, ծրագրուած ու համապարփակ։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ այս ուղղութեամբ ինք անդրադարձ ունեցած էր Հայաստան-Սփիւռք 6-րդ համաժողովին իր արտասանած պատգամին մէջ։