Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Իբրեւ Իրանի անմիջական դրացիներէն մէկը` Հայաստան իրաւունք ունի մտահոգուելու այս ու նմանօրինակ զարգացումներով

Հունվար 05,2018 19:57

«Գանձասար». 2018-ի նախօրեակին` 28 Դեկտեմբեր 2018-ին, Իրանի Նաճաֆապատ քաղաքին մէջ ծայր առին բողոքի ցոյցեր, որոնք 3-4 օրուան մէջ վարակեցին շուրջ 15 քաղաքներ եւ առիթ դարձան ծաւալուն խռովութիւններու. արիւնահեղութիւնները 5 օրուան մէջ խլեցին 14 զոհ, արձանագրուեցան վիրաւորներ, տեղի ունեցան ձերբակալութիւններ ու… աշխարհով մէկ դուռը լայն բացին այլազան արձագանգներու եւ մեկնաբանութիւններու, նաեւ` բանաւոր միջամտութիւններու:

Թեհրանի իշխանութեանց ընդդիմադիրները փողոց իջած են, բողոքելու համար տնտեսական-ընկերային տագնապին դէմ, քննադատութիւններ կ՛ուղղուին կաշառակերներուն. դժգոհութեան խորագիրներն են ապրուստի սղութիւնը, սղաճը, անգործութեան ալիքը, տնտեսութեան լճացումը եւ նման մտահոգութիւններ: Նախագահ Ռուհանի եւ անոր իշխանութիւնը քննադատութեանց թիրախ են, որովհետեւ, ըստ ընդդիմադիր ցուցարարներուն, ան չէ յաջողած իրականացնել վերընտրութեան օրերուն տուած խոստումները` բարելաւել տնտեսական-ընկերային-ապրուստի պայմանները: Ընդդիմադիրները իշխանութիւններէն կը պահանջեն աւելի հոգածու ըլլալ երկրի բնակչութեան նկատմամբ, քան թէ «ճակատումի ելլել Սէուտական Արաբիոյ դէմ կամ միջամտութիւններ կատարել Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի ու Կազայի մէջ…»: Նախագահը յայտարարեց, որ ընդունելի կը նկատէ բողոքի արտայայտութիւնները, սակայն անհրաժեշտ նկատեց, որ բրտութեան չդիմուի, մանաւանդ զգուշացուց իյնալէ արտաքին միջամտութիւններու ազդեցութեան տակ, ինչպէս եղած է անցեալին: «Թրամփ կը ներկայանայ իրանցի ժողովուրդին պաշտպանի դերով, մինչդեռ քանի մը ամիս առաջ իրանցիները ահաբեկիչ կը նկատէր», յայտարարեց ան, միաժամանակ բացայայտելով, որ իշխանութեան կողմնակիցները կրնան աւելի մեծ ցոյցերու ձեռնարկել. նախանշանները երեւցած էին շաբաթավերջին. իսկ ապահովութեան սպասարկութիւնները յայտնեցին, որ խաղաղ ցուցարարները բրտութեան մղող` քանի մը դաւադիր գործակալներ ձերբակալուած են:

Լրատու աղբիւները, մասնաւորաբար արեւմտեան աշխարհի մէջ, փողոցի իրադարձութեանց ու յայտարարուած պատճառներուն վրայ կեդրոնացուցած են լուսարձակները, խուսափելով մտնելէ կարգ մը «մանրամասնութեանց» մէջ, որոնք յայտնապէս աւելի մեծ բաժին ունին բողոքի ալիքի շղթայազերծման մէջ:

Իրանեան իրադարձութեանց հետեւողներ կը նկատեն, որ ցոյցերու այս փուլը ունի քանի մը ծալք: Ներքին բեմին վրայ, անցեալ Մայիսին վերընտրուած Ռուհանիի մրցակիցները որոշ հաշիւներ կը հետապնդեն: Այլ գիծի մը վրայ, թէեւ ոչ նկատառելի ազդեցութեամբ` կան նախկին Շահին օրով իշխանութեան վրայ եղողները, որոնցմէ շատեր կը գտնուին երկրէն դուրս եւ ունին իրենց հաշիւներն ու օրակարգը: Այլ կէտ մըն է այն, որ ցոյցերու նախօրեակին, իշխանութիւնները մեղմացուցին կիներու քող գործածելու օրէնքը, ինչ որ հաշտ աչքով չէ դիտուած պահպանողական հոսանքներու կողմէ: Արտաքին գիծերու վրայ, Իրան վերջին տարիներուն արձանագրած է քանի մը ուշագրաւ նուաճումներ, որոնք այլապէս հաշտ աչքով չեն դիտուիր արեւմտեան աշխարհի կարգ մը շրջանակներու մէջ: Իբրեւ օրինակ` կը յիշատակուին միջազգային ուժերու հետ կորիզային ուժանիւթի օգտագործման մասին 2015-ին գոյացած պատմական համաձայնութիւնը, որուն նկատմամբ բարի տրամադրութիւններ ունէր նաեւ Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ Պարաք Օպաման, եւ սակայն, իր նախորդներուն գծած կարգ մը գիծերը «բարեշրջելու» թրամփեան հաշիւները նկատի ունին նա՛եւ Իրանը, որուն հետ Ուաշինկթընի հակադրութիւնը կը սրի ամիսէ-ամիս: Իրան նաեւ յաջողութիւններ արձանագրեց ծայրայեղականներու եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու դէմ մղուած պայքարին մէջ, գործակցելով Իրաքի, Սուրիոյ եւ Մոսկուայի հետ, զօրակից կը կանգնի պաղեստինցիներու իրաւունքներուն (իսկ Թրամփ վերջերս ծանր հարուած մը տուաւ պաղեստինեան դատին` խոստանալով Իսրայէլի ամերիկեան դեսպանատունը փոխադրել Երուսաղէմ), տակաւին, Լիբանանի ու Եմէնի բեմերուն վրայ իրանեան դիրքորոշումը կը շարունակէ անհաճոյ թուիլ մասնաւորաբար Ուաշինկթընի, որոշ չափով նաեւ կարգ մը արեւմուտքցիներու: Գաղտնիք չէ, որ Իրանի տկարացումը (եթէ յաջողի) առիթ պիտի տայ այլ հաշուեյարդարներու:

Իրանեան բեմի զարգացումներուն հետեւողները նաեւ կը նկատեն, որ Արեւմուտքին հետ յարաբերութիւնն ու գործակցական կապերը վերազարգացնելու Իրանի ճիգերը ընդհանրապէս մնացած են անհետեւանք, այսինքն, Իրան ցարդ չէ կրցած ըստ իր ակնկալութեանց բարելաւել իր վիճակը. այս կացութեան մէջ Արեւմուտքին խաղացած դերը ընդհանրապէս կ՛անտեսուի կամ կը պահուի լուսարձակներէն հեռու: Օրինակի համար, 2015-ի համաձայնութենէն ետք, կը նախատեսուէր, որ առեւտրական եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութիւնը զարգացում ապրէր, մինչդեռ Իրանի «պաշարումը» նուազագոյն փոփոխութիւններու ենթարկուած է միայն, ինչ որ իր վատ անդրադարձը կ՛ունենայ տնտեսական-ընկերային տագնապի ծանրացման մէջ:

Իրանը տագնապի մատնող ցոյցերը կարգ մը դէտերու կողմէ կը ներկայացուին իբրեւ նորագոյն փորձ մը` քարիւղով հարուստ ու ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող այս երկիրը վարակելու «արաբական գարուն»ով: Յիշեցում կը կատարուի, որ Թունուզէն ծայր տուած «գարունը» տնտեսական դրդապատճառներով ծայր տուած էր, այլ երկիրներու մէջ ալ ժողովրդավարութեան, տնտեսական, կաշառակերութեան ու նմանօրինակ խաղաքարտեր գործածուեցան արդարօրէն կամ անարդարօրէն, իսկ աշխարհը այսօր շատ լաւ գիտէ, թէ Թունուզ, Լիպիա, Սուրիա, Իրաք, Եմէն եւ այլ երկիրներ այցելած «գարուն»ը ինչպիսի՛ ահաւոր հետեւանքներ ունեցաւ, յայտարարուած նշանախօսքերը ինչպիսի՛ մսխումի ու չարաշահութեան ենթարկուեցան…

Իրանի վրայ բացայայտ ճնշումի այս միջոցները նորութիւն չեն: Նախորդ նախագահին` Ահմատի Նաճատի օրերուն ալ, 2009-ին, այլազան նշանախօսքերով ցոյցեր հրահրուեցան ու տագնապալի վիճակ ստեղծուեցաւ, սակայն իշխանութիւնը ի վերջոյ յաղթահարեց մարտահրաւէրները. բարեշրջումներու էջեր բացուեցան մանաւանդ Արեւմուտքին կողմէ իբրեւ թէ հաշտ աչքով դիտուած` Ռուհանիի ընտրութենէն ետք, 2014-ին, սակայն ակնկալուած յառաջդիմութիւնը չարձանագրուեցաւ` նա՛եւ արտաքին սեղմումներու շարունակման պատճառով: Մակերեսային դատումո՛վ միայն կարելի է զարմանալ, թէ բնական հարստութիւններով օժտուած Իրան մը (կամ նման երկիրներ) ինչո՞ւ տնտեսական անկում կ՛ապրին…

Եթէ քանի մը բառով արձանագրենք նորագոյն շարժումին գտած արտաքին արձագանգները, պատկերը աւելի յստակ կը դառնայ:

Նախագահ Թրամփ, փոխ նախագահ Փենս եւ Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահու հրապարակ եկան ցուցարարները քաջալերողի դերով, ու յորդորելով, որ անոնք հեռացնեն իշխանաւորները: Այս մտածողութեան դրօշակիր արեւմտեան ու արաբական թերթեր ցոյցերը նկատեցին իրանեան այժմու իշխանութեանց վախճանին սկզբնաւորումը:

Գերմանիա աւելի չափաւորական դիրք ունէր, ու բաւականացաւ կոչ ուղղելով իրանեան իշխանութիւններուն, որ չկաշկանդեն ցոյց կատարելու իրաւունքը:

Մոսկուա ցոյցերը նկատեց արտաքին միջամտութիւններու եւ ճնշումներու հետեւանք: Այլ երկիրներ աւելի վերապահ կեցուածք ունին, սակայն բազմաձայն երգչախումբը կրնայ զարգանալ յառաջիկայ օրերուն: Կարգ մը մեկնաբաններ կը նկատեն, որ չինական լրատու աղբիւրները որոշ չէզոքութիւն կը պահեն, մասամբ յարելով ի նպաստ Իրանի իշխանութեանց, իսկ դէպքերու յաւելեալ զարգացումը կրնայ Չինաստանի համար նպաստաւոր ալիքներ ստեղծել Մերձաւոր Արեւելքի մէջ…

Իրանի նորագոյն զարգացումները կրնան ներքին գետնի վրայ որոշ արդարացում ունեցող դրդապատճառներ ունենալ, սակայն պատկերը պէտք է դիտել իր ամբողջութեանը մէջ, առանց անտեսելու այն իրականութիւնը, որ Իրան իր սահմաններէն ներս թէ անկէ անդին` կը շարժի իր շահերուն պաշտպանութեան մօտեցումով: Աւելի քան 40 տարիէ ի վեր, Իրանի եւ Արեւմուտքի շահերուն միջեւ կը շարունակուի պարանաձգութեան խաղ մը, որ յաճախ կ՛ապրի նման սաստկացումներ (Խումէյնիէն առաջ, Շահին օրով ալ կար այդ խաղը, սակայն ունէր տարբեր դիմակ): Այդ խաղը նաեւ իր հետեւանքները, արձագանգները կ՛ունենայ ամբողջ շրջանին վրայ, կ՛օգտագործուին յարանուանական դարաւոր հակադրութիւններ, որոնց զոհ-լծակից կը դառնան նաեւ դրացի երկիրներ: Անցեալ տասնամեակներուն մասամբ քողարկուած խաղը հետզհետէ աւելի՛ հրապարակային կը դառնայ (եթէ յիշողութիւնները չեն բթացած, մարդիկ պիտի յիշեն, որ նոյնինքն Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները գաղտաքողի ինչպիսի՛ չարաշահութիւններու դիմեցին Իրաք-Իրան պատերազմի օրերուն, պատմութեան մէջ արձանագրելով «Իրան-Քոնթրա» գայթակղութիւնը, յետոյ նաեւ տարբեր ձեւերով չարաշահեցին Իրաք-Քուէյթ ու անոր հետեւող տագնապները, մի՛շտ հետամուտ մնալով որոշ գանձանակներու շահերուն ապահովման, ի հեճուկս խնդրոյ առարկայ երկիրներուն):

***

Իբրեւ Իրանի անմիջական դրացիներէն մէկը` Հայաստան իրաւունք ունի մտահոգուելու այս ու նմանօրինակ զարգացումներով, եւ այդ` ի՛ր շահերուն ու ապահովութեան դիտանկիւնէն: Աւելին, ամբողջ Միջին Արեւելքի, ինչո՞ւ չէ նաեւ ամբողջ աշխարհի շահերը կը պահանջեն, որ խաղաղութիւնը նոր ցնցումներ չկրէ շրջանին մէջ, որովհետեւ անկէ վնաս կը հասնի բոլորին, բացի… չարաշահող գանձանակներու տէրերէն:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031