Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Մարդը՝ Աստուծոյ Որդւոյն Մարդեղութեան Նպատակը. Արամ Ա Կաթողիկոսի Սուրբ Ծննդեան Պատգամը

Հունվար 05,2018 14:14

Աստուածայայտնութեան տօնին սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին, հետեւեալ սր-բասացութիւնը կ՛երգուի. «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ, զի կեցուսցէ զանձինս մեր»:

Եկեղեցւոյ պատմութեան առաջին դարերէն սկսեալ, մատենադարան մը լեցնելու չափ հատորներ գրուած են Քրիստոսի մարդեղութեան, անձին ու առաքելութեան մասին: Եկեղեցւոյ հայրեր, աստուածաբաններ ու փիլիսոփաներ փորձած են վերլուծել ու մեկնաբանել Բեթղեհէմի մէջ տեղի ունեցած Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը: Դարերը կ՛անցնին, ժամանակները կը փոխուին, աննախընթաց գիւտեր մարդկային կեանքն ու միտքը նոր հորիզոններու կը բանան, սակայն, հայ եկեղեցւոյ շարականին բառերով՝ Յիսուս Քրիստոս միշտ կը մնայ «խորհուրդ մեծ…»:

Հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնուած վերոնշեալ փունջ մը բառերուն մէջ խտացուած է եկեղեցւոյ քրիստոսաբանութիւնը, այլ խօսքով՝ Քրիստոսի մարդեղութեան խորհուրդը, Քրիստոսի անձին իւրայատկութիւնը ու առաքելութեան նպատակը: Բարեպաշտական մօտեցումէն անդին, քրիստոնեայ մարդը կոչուած է բանականութեան ճամբով՝ որքան հնարաւոր է, ու հաւատքի զօրութեամբ՝ որքան կարելի է, ըմբռնել Բեթղեհէմի խորհուրդը:

Փորձենք հասկնալ նախ վերեւ յիշուած հաստատումին առաջին մասը՝ «Զի Աստուածն յաւիտենական ի յերկրի երեւեցաւ»: Յաւիտենական Աստուծոյ յաւիտենական Որդին պատմութեան մէկ հանգրուանին երկինքէն երկիր իջաւ, սակայն՝ առանց երկինքէն հեռանալու. ժամանակին մէջ մտաւ՝ միշտ մնալով ժամանակէն վեր. հունաւորին մաս կազմեց՝ միշտ մնալով անհուն. անկատար մարդկային բնութիւնը իւրացուց՝ միշտ մնալով Աստուած: Այսպէս, կատարեալ Աստուած եղաւ կատարեալ մարդ, ամէ՛ն իմաստով, բացի՝ ադամական մեղքէն: Աստուծոյ մարդեղացեալ Որդւոյն անձին այս երկու տարածքները հարկ է միասնաբար, այլ ո՛չ անջատաբար ըմբռնել՝ պահելով իւրաքանչիւրին առանձնայատկութիւնները: Որեւէ բաժանում մեզ հերետիկոսութեան կ՛առաջնորդէ: Քրիստոս մէկ անձ է, աստուածային բնութեան մարդկային բնութեան իւրացումով ու միացումով՝ «Եւ Բանն մարմին եղեւ» (Յովհ. Ա.14): Քրիստոս միաւորեալ մէկ բնութիւն է՝ «մի բնութիւն Բանին մարմնացելոյ» (Կիւրեղ Աղեքսանդրացի)… Ա՛յս է մեր եկեղեցւոյ ուղղափառ դաւանանքը, որ այնքան յստակօրէն բացատրուած ու մեկնաբանուած է, ինչպէս նաեւ ամրօրէն պաշտպանուած՝ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ:

Ի՞նչ կը հասկնանք «եւ ընդ մարդկան շրջեցաւ» բացատրութեամբ: Մինչեւ երեսուն տարեկան, Յիսուս Նազարէթ գիւղին մէջ աճեցաւ ու կազմաւորուեցաւ իր ծնողաց՝ Յովսէփի եւ Մարիամի անմիջական խնամքին տակ, ապա, նո՛յն գիւղէն սկսաւ իր երկրաւոր առաքելութեան: Չորս Աւետարանները հրաշքներով, առակներով եւ ուսուցումներով լեցուն Քրիստոսի առաքելութեան ամփոփ պատկերը կը ներկայացնեն, ինչպէս նաեւ անոր կեանքին կարեւոր դրուագները՝ չարչարանքը, խաչելութիւնը, յարութիւնը ու համբարձումը:

Աստուծոյ Որդւոյն երկիր էջքը՝ մարդկային բնութեան իւրացումով, խաչելութեամբ ու յարութեամբ, մէկ նպատակ ունէր՝ «զի կեցուսցէ զանձինս մեր»: Մա՛րդն էր Քրիստոսի առաքելութեան հասցէն: Մարդուն վերամարդացո՛ւմն էր՝ իր աստուածային պատկերին համաձայն, դրախտէն վտարուած մարդուն վերադա՛րձն էր՝ իր Երկնաւոր Հօր Քրիստոսի մարդեղութեան ու առաքելութեան նպատակը: Պատարագի ընթացքին արտասանուած Նիկիական հանգանակը Քրիստոսի մարդեղութեան մասին խօսելով՝ կ՛ըսէ, որ «յաղագս մեր մարդկան եւ վասն մերոյ փրկութեան՝ իջեալ ի յերկնից մարմնացաւ, մարդացաւ…»: Մեր եկեղեցւոյ շարականներուն ու աղօթքներուն մէջ եւս յատուկ կարեւորութեամբ շեշտուած է Աստուծոյ Որդւոյն մարդեղացումը՝ մարդո՛ւն համար:

Արդ, Քրիստոսի մարդեղութիւնը ու առաքելութիւնը, խաչելութիւնն ու յարութիւնը ճիշդ կերպով հասկնալու համար, հարկ է նայիլ մարդուն, եւ՝ փոխադարձաբար: Քրիստոսաբանութիւն ու մարդաբանութիւն անքակտելիօրէն իրարու հետ առընչուած են քրիստոնէական մտածողութեան մէջ:

Մարդը արժէ՛ք է Աստուծոյ համար, որովհետեւ ան գործակից է Աստուծոյ՝ որպէս պահապանն ու պաշտպանը ստեղծագործութեան: Այս սպասումով Աստուած մարդը ստեղծեց. այս կոչումը տուաւ մարդուն: Հետեւաբար, մեղաւոր մարդուն փրկութիւնը, այլ խօսքով՝ անկեալ մարդուն վերականգնումը, գերուած մարդուն ազատագրումը, մահացած մարդուն յարութիւնը, կենսակա՛ն է մարդուն ու ստեղագործութեան վերականգնումով Աստուծոյ թագաւորութեան հաստատման համար: Այս է Քրիստոսով սկիզբ առած աստուածային փրկագործական առաքելութեան նպատակը, որ կը շարունակուի իր խորհրդական մարմնոյն՝ եկեղեցւոյ կողմէ: Եկեղեցւոյ իւրաքանչիւր անդամ մասնակից է փրկագործական առաքելութեան կենսագործման, մինչեւ Քրիստոսի երկրորդ գալուստը:

Արդ, Քրիստոսի ծնունդը հրաւէր մըն է վերանորոգուելու Բեթղեհէմի խորհուրդով:

Քրիստոսի ծնունդը յիշեցում մըն է փրկութեան ճանապարհին վրայ գտնուող մարդուն՝ հաւատարմօրէն հետեւելու Քրիստոսին:

Քրիստոսի ծնունդը կոչ մըն է մասնակից դառնալու եկեղեցւոյ ճամբով իրագործուող փրկագործական առաքելութեան:

Այս գիտակից հաւատքով մօտենանք Քրիստոսի Ծնունդին ու հաղորդուինք անոր խորհուրդով ու պատգամով:

***

Ս. Ծնունդի խորհուրդով լեցուն այս օրերուն, Հայրապետական օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք նախագահ տիար Սերժ Սարգսեանը, եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ տիար Բակօ Սահակեանը, մաղթելով իրենց արդիւնաշատ ժողովրդանուէր գործունէութիւն: Եղբայրական ջերմ սիրով կ՛ողջունենք ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը, հայցելով Ամենաբարին Աստուծմէ, որ իրեն շնորհէ երկար գահակալութիւն՝ եկեղեցաշէն իրագործումներով լեցուն: Քրիստոնէական սիրով կ՛ողջունենք Երուսաղէմի Հայոց պատրիարք՝ ամենապատիւ Տ. Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքական տեղապահ բարձրաշնորհ Տ. Գարեգին արք. Պէքճեանը, մաղթելով իրենց աստուածահաճոյ գործերով լեցուն ծառայութիւն: Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ կ՛ողջունենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հովանին վայելող թեմերուն թեմակալ առաջնորդները, հոգեւորական դասը, ազգային իշխանութիւններն ու յարակից մարմինները, ինչպէս նաեւ մեր հաւատացեալ ժողովուրդի զաւակները՝ հայցելով Աստուծմէ, որ Բեթղեհէմի ճառագայթող լոյսով պայծառակերպէ իրենց կեանքն ու գործը:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031