Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Արամ Արք. Աթէշեանի այս վերջին յայտարարութիւնով նոր փուլ մը կը թեւակոխէ վերջին շաբաթներու բանավէճը

Հունվար 04,2018 20:32

«Ժամանակ». Պատրիարքական ընտրութեան առկայ փակուղիի մթնոլորտին մէջ բարձրաստիճան եկեղեցականներուն միջեւ կը շարունակուի վերջին շաբաթներուն բռնկած վէճը։ 2018 թուականի առաջին օրերուն Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ծաւալուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։ Ան այս յայտարարութիւնը հրապարակած է՝ պատասխանելու համար Պատրիարքարանին կողմէ վերջերս կատարուած «Լուսաբանութիւն» խորագրեալ յայտարարութեան։ Հարկ է նշել, որ պատասխանները իսկապէս կը կրեն ծանր ու կծու բնոյթ մը։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի այս վերջին յայտարարութիւնով նոր փուլ մը կը թեւակոխէ վերջին շաբաթներու բանավէճը։

Նորին սրբազնութիւնը ներկայիս մատնանիշ կ՚ընէ բազում հանգամանքներ, որոնք հակասութեան վերածուած են պատրիարքական ընտրութեան երկարատեւ գործընթացի ամբողջին մէջ։ Տեւական անորոշութեան մթնոլորտին մէջ Պատրիարքարանի դիրքորոշումը արձանագրած է տարբերութիւններ։ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներկայ յայտարարութեան մէջ բաղդատութիւններ կը ներկայացնէ իր՝ որպէս պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ պաշտօնավարած շրջանի Պատրիարքարանին կողմէ կատարուած հրապարակումներուն եւ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի գործի գլուխ գալէն վերջ կատարուած յայտարարութիւններու հակասութիւններուն եւ ցոլացած մտայնութիւններուն նոյնպէս հակասական բնոյթին շուրջ։ Առանց անուն տալու եւ խնդիրները անձնաւորելու՝ նորին սրբազնութիւնը շեշտած է, որ այդ յայտարարութիւնները խորքին մէջ գրի առնուած են նոյն հոգեւոր հայրերուն կողմէ ու կը ջանայ բիւրեղացնել, թէ ներքին յարաբերութիւններու դրուածքին փոփոխութիւնը երկարաժամկէտ առումով ինչպիսի հակասական կացութիւն մը ստեղծած է Պատրիարքարանի պաշտօնական հաղորդումներուն, հետեւաբար նաեւ դիրքորոշումներուն մէջ։

Ըստ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի, լարուածութիւնը այս օրերուն հասցնողներն ու վէճերու ծնունդ տուողները կարգ մը հոգեւորականներն ու աշխարհական վարիչներն են։ Ան շեշտած է, որ երկար ատեն պահած է լռութիւն, սակայն այլեւս համբերութիւնը սպառած է։ «Ցաւով կը յայտնեմ, որ Գարեգին Սրբազանն ալ կը չարագործէք։ Մի՛ կարծէք, թէ ես գոհ եմ այս կացութենէն, այլ ընդհակառակն՝ շատ անհանգիստ եմ։ Միայն ու միայն մեր պատրիարքութիւնը յաչս պետութեան առանց երկխօսի ու անգլուխ չթողելու համար՝ կը ջանամ հաւատարիմ մնալ ինծի վիճակած պատասխանատուութեան։ Իմ ունեցած վարձատրութիւնը կը թողեմ համայնքիս գնահատականին։ Մի՛ մոռնաք, ուշ կամ շուտ այս խնդիրը պիտի լուծենք միասնաբար։ Տակաւին ի՛նչ փորձութիւններ պէտք է յաղթահարենք՝ որպէսզի հասարակաց գետնի մը վրայ զիրար գտնենք ու անդրադառնաք, թէ նոյն նաւուն մէջ կը գտնուինք», նշած է նորին սրբազնութիւնը յայտարարութեան մէջ։

Բաց աստի, Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի յայտարարութիւնը ունի այլ հետաքրքրական երեսակներ։ Այնտեղ յստակօրէն կ՚երեւի, թէ պատրիարքական ընտրութեան տագնապի մթնոլորտին մէջ տարբեր բեւեռներ որքան ընտրովի մօտեցումով մը կը մէջբերեն Սահմանադրութեան եւ ընդհանրապէս եկեղեցական իրաւունքի տրամադրութիւնները եւ մեր Պատրիարքական Աթոռի վերաբերեալ վարչական նախընթացները։ Նոյնպէս, այս յայտարարութիւնը կու գայ հերթական անգամ ապացուցանել, որ պաշտօնական շրջանակներու հետ տեղի ունեցած հանդիպումներու բովանդակութիւնը ինչպիսի երանգային փոփոխութիւններով, դարձեալ ընտրովի մօտեցումներով կը մատուցուի մեր համայնքին։

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031