Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ռոհանի՝ Մաքրոնի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին. «Իրանի սկզբունքային քաղաքականությունը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան և կայունութեան ամրապնդումն է». «Ալիք»

Հունվար 03,2018 16:48

«Ալիք».– Երեքշաբթի, 2 Յունւարի երեկոյեան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կատարած հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին, Իրանի Հանրապետութեան նախագահ դոկտ. Հասան Ռոհանի կարեւոր նկատած է Թեհրան-Փարիզ երկկողմանի յարաբերութիւններու ընդլայնումը՝ շեշտելով, որ այս յարաբերութիւնները առանցքային նշանակութիւն կրնան ունենալ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան, կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար:

Շնորհաւորելով Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, դոկտ. Ռոհանի յոյս յայտնած է, որ 2018 թուականին երկկողմանի յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ ընդլայնման ականատեսը կ’ըլլան:

Ան յայտնած է, որ Իրանի սկզբունքային քաղաքականութիւնը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդումն է, եւ մէկ անգամ եւս յիշեցուցած է, որ Իրանի ներկայութիւնը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ եղած է այդ երկիրներու օրինական իշխանութիւններուն  հրաւէրով, եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նպատակով. «Այսօր բոլորին համար պարզ է, որ Իրանի ջանքերուն եւ օժանդակութեան շնորհիւ ոչնչացուած է ՏԱՀԵՇ-ը», ընդգծած է նախագահը:

Անդրադառնալով Միջուկային համապարփակ համաձայնագիրի թեմային, դոկտ. Ռոհանի յայտնած է, որ այն միջազգային նշանակութեան համաձայնութիւն է, որմէ շահած են բոլորը: Ան կրկին անգամ յիշեցուցած է, որ Իրանը հաւատարիմ կը մնայ անոր մինչեւ այն ժամանակ, քանի տակաւին կրնայ օգտուիլլ անոր ընձեռած կարելիութիւններէն:

Ինչ կը վերաբերի երկրի պաշտպանական եւ հրթիռային կարողականութեան, Հանրապետութեան նախագահը ընդգծած է, որ անոնք չեն հակասեր ՄԱԿ-ի ԱԽ-ի ընդունած բանաձեւերուն՝ անդրադառնալով, որ անոնք բացառապէս կը ծառայեն երկրի անվտանգութեան ապահովման:

Դոկտ. Ռոհանի ըսած է, որ այսօր Իրանի մէջ առկայ է ճշգրիտ բանող ժողովրդավարութիւն, որուն վառ ապացոյցը նախագահական ընտրութիւններն են: Ըստ անոր, բռնութեան տարածումը չի կրնար հաւասարիլ օրինական ազատութիւններու, քննադատութեան եւ պահանջներու ներկայացման հետ:

Զրոյցի ընթացքին նախագահ Մաքրոնն ալ իր կարգին յայտնած է, որ պաշտօնական Փարիզը հաւատարիմ է Միջուկային գործարքին, եւ այն կարեւոր կը նկատէ միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման համար:

Տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու կարգաւորման համար ան կարեւոր համարած է երկխօսութիւնն ու փոխգործակցութեան ընդլայնումը:

Մաքրոն յատուկ ընդգծած է, որ Ֆրանսայի համար անընդունելի է այն տեսակէտը, որ Իրանին չարի առանցք կը համարէ:

Ան շեշտած է, որ պաշտօնական Փարիզը երբեք չէ հերքած «Ղոդս»-ի ուժերու առանցքային դերակատարութիւնը ահաբեկչութեան դէմ պայքարի գործին մէջ եւ երախտապարտ է անոր համար:

Ինչ կը վերաբերի Իրանի զինեալ-ահաբեկչական ընդդիմութեան գործունէութեան Ֆրանսայի մէջ՝ Մաքրոն յայտնած է, որ Ֆրանսա երբեք չէ պաշտպանած այդ խմբաւորումը, եւ թոյլ չի տար իր երկրի տարածքը օգտագործել այլ երկրի մը դէմ պայքարելու համար:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2018
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031