«Գանձասար». Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ Սուրիա խստիւ կը դատապարտէ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի մօտեցումները Իրանի քաղաքական ներկայ իրավիճակին նկատմամբ՝ դիտել տալով, որ այս մօտեցումները կը շեշտեն տուեալ պետութիւններուն մեծ դերը՝ տարածաշրջանի խաղաղութեան խախտման մէջ ու կը միտին տիրել տարածաշրջանին ու շահագործել անոր կարելիութիւնները մօտեցումները:
Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ դաւադրական ծրագիրներու ձախողումէն ետք, կարգը հասած է Իրանին: «Սուրիա իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելով Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան, կը շեշտէ Իրանի ինքնիշխանութիւնը պահպանելու ու անոր ներքին հարցերուն միջամուխ չըլլալու կարեւորութիւնը եւ վստահ է, որ Իրան ձախողութեան պիտի մատնէ այս դաւադրութիւնը՝ շարունակելով իր յառաջընթացը եւ նեցուկ կանգնելով ժողովուրդներու արդար դատին», յիշուած է նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: