Ամանորի առթիւ Հայաստանի բարձրագոյն իշխանաւորներուն ուղերձները, պէտք է ըսել, որ շռնդալից յաջողութիւններով նոր տարի ու նոր տարիներ կը խոստանան ժողովուրդին: Թերեւս ճիշդ պիտի ըլլար, որ մեր ընթերցողներուն հասնող նոր տարուան առաջին թիւը լեցնէինք պաշտօնեաներուն ամանորեան ուղերձներով: Ի վերջոյ, այդ ուղերձները կը միտին լաւատեսութիւն ներշնչել ժողովուրդին եւ յոյս տալ ապագայի հանդէպ:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանը, զոր օրինակ, այնքա՛ն վստահ է, որ վիճակը պիտի բարելաւուի երկրին մէջ, որ կը հաւատայ, թէ «միասին Հայաստան ենք վերադարձնելու երկրից հեռացած մեր հարազատներին: Նրանք գալու են, քանի որ Հայաստան հայրենիքում աշխատելու եւ իրենց դրսեւորելու աւելի մեծ ասպարէզ են տեսնելու: Մեր աշխատանքի նպատակը մէկն է՝ բացել նոր հորիզոններ եւ հնարաւորութիւններ, ստեղծել գործունէութեան լայն դաշտ՝ Հայաստանի իւրաքանչիւր քաղաքացու համար»:
Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը եւս կը ձայնակցի նախագահին. «Հայաստանը կը լինի տրամաբանական, լա՛ւ ապրող եւ ապագային վստահ նայող երկիր», այլ լաւ բաներու կողքին՝ կ՛ընդգծէ վարչապետական ուղերձը։
Նոր Տարուան բարեմաղթութիւններն ու ուղերձները էապէս լաւատեսութիւն ներշնչելու նպատակը կը հետապնդեն: Ասիկա միջազգայնօրէն ընդունուած սովորութիւն մըն է: Դրժուած խոստումներ շատ լսած ժողովուրդը տրամադրուած կ՛ըլլա՞յ արդեօք դրականօրէն ներշնչուելու այս տարուան ուղերձներով: Երանի՜… Առաւել հակուած ենք հաւատալու, որ անկեղծ զրոյցը կրնայ աւելի՛ համոզիչ ըլլալ, նոյնիսկ՝ աւելի ազդեցիկ, ժողովուրդը մասնակից դարձնելու համար պաշտօնապէս յայտարարուած բարեկարգման գործողութիւններուն։
Օրինակ՝ այսպիսի խօսք աւելի համոզիչ չըլլա՞ր.
Սիրելի՛ հայրենակիցներ, դժուար տարիներ անցուցած ենք, միշտ խոստումներով փորձած ենք օրօրել ձեզ՝ լաւ ապագայի մասին յոյսեր տալու նպատակով: Խոստումները չենք կրցած իրականացնել: Միջազգային տնտեսական տագնապ թէ շրջանային տագնապներ պատրուակ պիտի չբերենք: Ձախողութեան պատասխանատուն մե՛նք եղած ենք, մեր գործելաոճը, մեր փտածութիւնը, մեր անձնական շահախնդրութեամբ երանգաւորուած ղեկավարումը: Հիմա կը փորձենք, պիտի՛ փորձենք հիմնովին փոխել մեր ոճը, ըլլալ արդար ու ճշմարիտ, ծառայել հայրենիքին ու ազգին։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Ասպարեզ» օրաթերթ