28 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած լրագրողներու համագումարին ընթացքին հնչած Սաթիկ Սէյրանեանի նախընտրական ելոյթը, միութեան գործունէութեան մէջ թարմութիւն եւ աշխուժութիւն բերելու ողջունելի երանգներ ունէր:
Մեր կողմէ շնորհաւորելով նոր նախագահը՝ կ՛առաջարկենք անոր, որ փորձէ փոխել Միութեան անունը՝ զայն կոչելով Լրագրողներու միութիւն:
Անունը հայկականացնելուն հետ կարելի է նաեւ գործնականապէս համահայկականացնել զայն՝ դարձնելով Լրագրողներու համահայկական միութիւն: Այս երկրորդ առաջարկը այս հանգրուանին չե՛նք պնդեր, ժամանակ տալու համար նոր նախագահին եւ իր գործընկերներուն՝ ծրագրելու իրենց անմիջական աշխատանքները, յատկապէս, որոնք հասարակութեան մէջ յաւելեալ պատասխանատուութիւն ստանձնելու կը միտին՝ լրացնելով այնքա՛ն անհրաժեշտ, նոյնիսկ կենսակա՛ն կարեւորութիւն ունեցող բաց մը:
Չորրորդ իշխանութեան դերը լիարժէքօրէն ստանձնելու Սէյրանեանի առաջադրանքը մեզ յոյս կը ներշնչէ, քանզի կաշառակերութեան ու ընդհանրապէս անարդարութեան դէմ պայքարի ուժեղագոյն զէնքերէն մէկը մամո՛ւլն է, անվախ ու յանդուգն հետազօտող լրագրողնե՛րն են: Դաս քաղելով անցեալէն՝ Սէյրանեան ճիշդ կը մատնանշէ հալածուող լրագրողներու պաշտպանութեան կարեւորութիւնը, ինչին համար պէտք է միութիւնը ի՛նք այնքան ուժեղանայ, որ կարենայ իր միջոցներով թիկունք ապահովել ճնշուողներուն:
Եթէ միութիւնը հասնի իր շարքերը սփիւռքահայ լրագրողներուն բանալու օրակարգին, ապա կ՛ուզենք անդամակցելու մեր պատրաստակամութիւնը յայտնել՝ ստանձնելով մեզ վերապահուած նիւթական եւ բարոյական պարտաւորութիւնները եւ ակնկալելով իսկական համագործակցութեան ճանապարհներու միացեալ փնտռտուք իրականացնել: Կը խնդրենք չանտեսել մեր ցանկութիւնը։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ