Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Արամ Արքեպիսկոպոսի նման վարմունքները, չեն պատշաճիր անհատներու, մանաւանդ եկեղեցականներու. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարան

Դեկտեմբեր 27,2017 17:53

Տեսալսողական միջոցներէն եւ մամլոյ հրատարակութիւններէն տեղեկացանք թէ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան 21 Դեկտեմբեր 2017ին Հայաստանի մէջ մամլոյ ասուլիս մը կազմակերպելով արտայայտուած է Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առնչութեամբ։ Այսպէսով յայտնի դարձած է թէ ճշմարտութիւնները խեղադիւրելու, գործընթացին հետ մօտէն չշահաքրքրուող անձերը խաբելու միտող իր նախաձեռնութիւնները, որոնց յաճախ ականատես կ՚ըլլանք Թուրքիոյ մէջ, կը շարունակուին անցելով երկրի սահմանները։ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի նման վարմունքները, չեն պատշաճիր անհատներու, մանաւանդ եկեղեցականներու, որոնց համար ի հարկէ զինքը պիտի ազդարարենք։ Սակայն նկատելով որ, արտայայտուած է մամլոյ ասուլիսի միջոցաւ, հարկաւոր նկատուած է իր արտայայտութեանց կապակցութեամբ ճշմարտութիւնները բաժնել հանրային կարծիքին հետ։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպսիսկոպոս կը պնդէ թէ «յաչս Թուրքիոյ Հանրապետութեան ինք Պատրիարքական Փոխանորդ է, քանի որ պետութիւնը չճանչնար այժմու Տեղապահը։
Տեղապահի ընտրութիւնը մեր եկեղեցւոյ ներքին հարցն է։ Կը կատարուի ըստ կարգ ու կանոններու եւ աւանդութիւններու։ Ուստի 15 Մարտ 2017 թուականին Պատրիարքական Աթոռի ամենալիազօր մարմնին՝ Եկեղեցական Համագումար Ժողովի գումարմամբ կայացած ընտրութեամբ, որուն թեկածուներէն մին էր ինք, տեղապահը ընտրուած է ըստ կանոնի։ Իր առաջին պարտականութիւնն էր յարգանքով ընկալել ընտրութեան արդիւնքը ու խուսափիլ՝ մեր եկեղեցւոյ մանաւանդ այսպիսի տագնապալի ներքին մէկ հարցը հրապարակային եւ խեղադիւրիչ արտայայտութիւններով բանավէճի նիւթ դարձնելէ։
Մասնաւորաբար, անձնապէս մասնակցած ժողովի որոշման համաձայն պարտ էր իրեն հրաժարիլ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնէն։ Հակառակ այս որոշման մերժած է հրաժարական տալ, բան մը որ մեզ մատնած է ամօթալի վիճակի։ Իր այս վարմունքւվ զինքը այս պաշտօնին ընտրած Եկեղեցական Համագումար Ժողովը ստիպած է որ զինքը պաշտօնանկ հռչակէ, բան մը որ ծայր աստիճան տխրառիթ պարագայ մըն է։ Բաց աստի, ընտրուած տեղապահը չճանչնալու մասին մեր պետութեան կողմէ արտայայտութիւն մը գոյութիւն չունի։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս մի առ մի կը թուէ իր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդութեան շրջանին ձեռքբերած յաջողութիւնները։

Սակայն եւ այնպէս իր թուած յաջողութիւններու առընչութեամբ աշխարհական վարիչներու կողմէ եղած են հակառակ ուղղութեամբ արտայայտութիւններ։ Եթէ կատարուած գործերը արժէք կը ներկայացնեն ու օգտակար են բնականաբար պէտք է զանոնք գնահատել։ Իր չկատարած գործերը իր անձին վերագրելը, անտեղի գործերուն եւ վարմունքներու մասին չարտայայտուիլը միթէ ընդունելի՞ է ։ Թող որ, եթէ այս աստիճանի դրական եւ յաջող գործեր կատարած է, ինչո՞ւ ժողովուրդը տէր չէ կանգնած իրեն։ Ժողովուրդը ինչո՞ւ չարտայայտուիր այս ծառայութիւններու մասին։ Նաեւ իր հոգեւոր եղբայրները տեղապահի ընտրութեան ընթացքին ինչո՞ւ խնայած են իրենց քուէները եւ ի՞նչ պատճառաւ ընտրուելու արժանի նկատած են եկեղեցական մը, որուն այնքան ալ շատ ծանօթ չէին։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Ազգային Սահմանադրութեան յենելով կ՚արտայայտուի թէ, ընտրեալ պատրիարքի ցկեանս պատրիարք մնալը հարկաւոր է։

Արամ Սրբազան նոյն սահմանադրութեան երկրորդ յօդուածը չենք գիտեր ինչո՞ւ անտեսել կը ձեւացնէ։ Այդ յօդուածին մէջ բացայայտօրէն գրուած է թէ, երբ հաստատուի պատրիարքի զանազան պատճառներու բերմամբ անգործութեան մատնուած ըլլալու պարագան կարելի է նոր պատրիարքի ընտրութեան ձեռնարկել։ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս, որ կը պնդէ թէ կարելի է պատրիարքը պաշտօնանկ ընել կամ հանգստեան կոչել միայն «ժողովի աշխարհական անդամներու ալ մասնակցութեամբ։ Սակայն եւ այնպէս Գերշ. Տ. Արամ Սրբազան, որ այս պնդումով կը ներկայանայ, Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ Սրբազան Պատրիարքը հանգստեան կոչելու ժողովը ոչ միայն ընդունած ու վաւերացուցած է, այլ նաեւ անձնապէս նախագահած՝ այդ ժողովին։ Պատրիարք Սրբազանը հանգստեան կոչելու մասին կայացած որոշումը յատուկ շրջաբերականով հոգեւորականաց դասուն եւ եկեղեցիներուն տեղեկացուցած է, նաեւ իրենց ուշադրութեան յանձնելով հանգստեան կոչուած Պատրիարք Հօր անուան ի ժամ Ս. Պատարագի յիշատակութեան բանաձեւր։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս կ՚ըսէ թէ փոխանորդութեան պաշտօնը ստացած է Մեսրոպ Պատրիարքէն։ Հարց պէտք է տալ. Ուրեմն ինչո՞ւ այս պաշտօնը չէ շարունակած, ինչո՞ւ փոխանորդի ընտրութիւն մը կատարուած է։ Որովհետեւ փոխանորդը կ՚անուանուի, եւ հարկաւոր չէ ընտրութիւն կատարել։ Այլ հարցում մը եւս. Իր մասնակցած Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդի ընտրութեան ինչո՞ւ մէկ թեկնածու ներկայացած է եւ ինչո՞ւ իրմէ զատ հոգեւորական հրաւիրուած չէ այս ընտրութեան։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս տեղապահի ընտրութեան մասին պետութեան կամքը կը յայտնէ։ Անոր համաձայն պետութեան ցանկութիւնն էր որ տեղապահի ընտրութիւնը կատարուէր 16 Ապրիլի հանրաքուէէն յետոյ։ Քանի որ Արամ Սրբազան «պետական կամքի» մը մասին տեղեկութիւն ունէր, զոր իրեն վերապահելով չէր բաժնած այլ հետաքրքիր անձերու հետ, ինչո՞ւ կազմակերպած է տեղապահի ընտրութիւնը. ինչո՞ւ Գարեգին Արքեպիսկոպոսը հրաւիրած է Ստանպուլ որպէսզի ընտրութեան մասնակցի. ինչո՞ւ ժողովին նախագահած է եւ ներկայացած՝ որպէս տեղապահութեան թեկնածու։ Այս բոլորը օրինական հարցումներ չե՞ն միթէ։ Բաց աստի, երբ իր ունեցած արտայայտութեամբ այլ մասնակիցները կը մեղադրէ, ինքը պետական կամքին հակառակ գործած չը՞լլար միթէ եւ կամ ինքը յանձաւորի դիրքին չի՞ մատնուիր, քանի որ դրսեւորուած պետական կամքի մը գոյութենէն տեղեակ չէ պահած այլ թեկնածուները։

Այլ պարագայ մըն է նաեւ Ստանպուլի Կուսակալութենէն առաքուած գրութիւնը։ Այս գրութիւնը տեղապահի ընտրութենէն յետոյ երեւան եկած է։ Կուսակալութեան տեղապահի ընտրութեան կապակցութեամբ հետաքրքրուած ըլլալը կամ չըլլալը մէկ կողմ թողլով, երբ քննարկուի հեռատիպի բնագիրը, թէեւ կը նշմարուէր ընդգծումը թէ՝ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս կը շարունակէր պաշտօնավարել որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ, սակայն եւ այնպէս տեղապահի մերժման մասին պարբերութիւն մը չէր արձանագրուած։ Արդէն իսկ այս գրութեան առաքման պատճառը այն էր թէ, պետութեան եւ պատկան մարմիններուն չէր հաղորդուած 26 Հոկտեմբեր 2016ին կայացած Եկեղեցական Համագումար ժողովի որոշումը, որով Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Սրբազան Պատրիարք Հայրը հանգստեան կը կոչուէր եւ Պատրիարքական Աթոռը թափուր կը յայտարարուէր։ Այդ գործադրելու պարտականութիւնը անկ էր Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։ Հետեւաբար երբ չէ գործադրուած, այդ իր թերութիւնն ու յանձանքն է։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս կը յայտնէ թէ՝ պետութիւնը տեղապահի դիմումները անպատասխանի թողած է։ Ըստ իր պնդումին այս վիճակը կը նշանակէր թէ՝ պետութիւնը տեղապահը չէր ճանչնար։

Որպէս մեր եկեղեցւոյ հոգեւորականը փոխանակ իր խօսքերուն միջոցաւ արտայայտած պետութեան կեցուածքին զօրաւիզ կանգնելու եւ նոյնիսկ գոհունակութիւն զգալով անկէ օգուտ քաղելու, պէտք չէ՞ր որ իր իննամեայ փորձառութենէն շարժելով այս կեցուածքը քննադատէր եւ ըսէր, թէ այդ կը կարօտէր փոփոխութեան։ Ի վերջոյ բոլորովին կարգ ու կանոններու համաձայն կատարուած տեղապահի ընտրութեան մը, բոլորովին օրինաւոր տեղապահի մը, եւ աւելին Հայ Եկեղեցւոյ, Պատրիարքական Աթոռի եւ համայնքին արժանապատուութիւնն ու յարգանքի արժանաւորութիւնն է խնդրոյ առարկան։ Ինքն ալ արդեօք իր մէկ դիմումին պատասխան ստանալու համար ասիսներով չէ՞ սպասած միթէ։

Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս տեղապահ Գարեգին Սրբազանի հրաժարելու պարագային 85րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդփոյթ կատարուելու կարելիութեան մասին իր ունեցած տեղեկութիւնն ալ կը բաժնէ։ Այս տեղեկութեան ու պնդումին սկզբնաղբիւրը ի՞նչ է չենք գիտեր։ Եթէ այս խօսքերը պետութեան հետ իր մօտիկ յարաբերութեան եւ գործակցութեան մէջ ըլլալը հասկցնելու առումով կը խօսի, պէտք է հարցնել. Որպէս Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ պաշտօնավարութեանը շրջանին ինչո՞ւ ջանք չէ վատնած պատրիարքական ընտրութիւն կատարելու եւ արդիւնքի մը հասնելու համար։

Ինչ որ ալ ըլլայ հարկադրանքի չափն ու սահմանը, այս լուսաբանութիւնները ընել՝ տխրառիթ պարագայ մըն է մեր եկեղեցւոյ եւ համայնքին համար։ Մեր փափաքն է, որ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս թողու հակաճառութեան որոնումները, հեռու մնայ ամուլ քաշքշուքներէ, իր կրած հանգամանքին յարիր ընթացք մը որդեգրէ, եւ ընտրէ՝ յաչս համայնքի իր վարկը վերստին ձեռքբերելու ճանապարհը։

Կը մաղթենք, որ շահաքրքրուող հոգեւորական թէ աշխարհականներ եւ մեր համայնքի բոլոր անդամները առիթ չստեղծեն նման բանավէճերու, ու անտեղի կերպով մատնուած դժուարութեան վիճակէն դուրս գան եւ նման անվայել արտայայտութիւններէ հեռու մնալով սատար հանդիսանան մեր առջեւ գտնուած գործընթացը կարելի եղած չափով դիւրութեամբ տանելու ուղղութեամբ։

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅՈՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Դեկտեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Նոյ   Հուն »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031