ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող կնոջական Marie Claire ամսաթերթը Յունուարի իր թիւին մէջ թղթածրար մը նուիրած է Արցախի կիներուն, կը տեղեկացնէ Nouvelles d`Armenie-ն:
«Լեռնային Ղարաբաղ. կիներու միւս պատերազմը» ընդհանուր խորագիրը կրող թղթածրարին նախաբանին մէջ կ՚ըսուի. «Եւրոպայի եզրին գտնուող այս տարածքին մէջ կոտտացող հակամարտութիւն մը կը հակադրէ Հայերը եւ Ազէրիները: Մինչ ճակատը դիրք գրաւած այրերը կը պաշտպանեն իրենց ինքնակոչ հանրապետութիւնը, կիները, որոնք կը վարեն պետական բարձրագոյն պաշտօնները, կը կազմակերպեն կեանքը եւ կը պաշտպանեն իրենց հողերը»:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում