«Ասպարեզ». Կարդա՛լ Գոհար Աւետիսեանի յօդուածը (լուրը տեսնել ներքեւ) «Առաջին Լրատուական»ի կայքին վրայ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան ոլորտէն ներս տեղի ունեցող ըստ ամենայնի կարճատես և ըստ էութեան մեր ազգային անվտանգութեան նորմերուն հակասող զարգացումներուն մասին: Յօդուածին մէջ ընդգրկուած է մեծապէս շահեկան հարցազրոյց մը Հայաստանի գինեգործներու միութեան նախագահ Աւագ Յարութիւնեանի հետ, ուր կը խօսուի երկրի գիւղատնտեսական քաղաքականութեան լուրջ վրէպներուն մասին, բայց ուր դժբախտաբար կարելի յստակութեամբ չի խօսուիր Հայաստանի մշակելի հողատարածութիւններու օտարման երեւոյթի ռազմավարական լուրջ վտանգներուն մասին:
Ի սկզբանէ յստակացնենք, որ հոս տնտեսական «ազգայնամոլութեան» մասին չէ մեր խօսքը, այլ ազգային տնտեսութեան անփոյթ ղեկավարման պախարակելի երեւոյթին: Հայաստանը կղզեակ մըն է բաղդատած արաբական, իրանեան եւ (յանկարծ նաեւ) հնդկական ցամաքային ովկիանոսներուն: Այդ փոքրիկ կղզիին միայն 16 տոկոսի տարածութիւնն է բնակելի եւ որուն մէկ մասն է միայն մշակելի եւ գիւղատնտեսական: Թող ոեւէ օտարազգի անհատ փորձէ հող գնել – այն ալ հողային մեծ տարածութիւննե՜ր – Սէուտական Արաբիոյ անապատային տիեզերքէն… Գիտենք, թէ օրէնքը ինչպիսի՜ արգելքներ կը դնէ հողերու օտարման դէմ այդ երկիրներուն մէջ: Հետեւաբար եկէք չխօսինք այն մասին, թէ ինչպիսի՞ բարոյական պարտք ունի հայը այդ ազնիւ ժողովուրդներուն հանդէպ: Սփիւռքը իր պարտքին տէրն է եղած եւ կը շարունակէ ըլլալ: Ամերիկեան յայտնի ասոյթի ոգիով կրկնենք. «Խնձորները նարինջներուն հետ եկէք չշփոթենք»:
Հոս գործ ունինք Հայաստանի ներքին քաղաքական դաշտի մեծ անփութութեան հետ: Մեծ ապիկարութեա՛ն մը հետ: Եւ նորէն գործ ունինք օլիգարխիայի եւ մենաշնորհային համակարգի կործանարար քաղաքականութեան հետ: Անկախութեան առաջին օրերուն (աւելի յստակ հասցէաւորումով՝ նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի իշխանութեան օրերուն), երկրի գիւղատնտեսական տարածքները զանգուածաբար փոխանցուեցան գիւղացիութեան: Պատմական մեծ վայրկեան մըն էր: Եւ սակայն հոն կանգ առաւ պատմական այս գործը: Անփորձ ու աղքատ գիւղացին մնաց ինքնիր թոյլ եւ անբաւարար լուծումներուն այդ տարածքները արդիւնաւէտ զարգացման ենթահողի վերածելու սուր մարտահրաւէրներուն առջեւ: Նոյնիսկ այն գիւղացիները, որոնք այնուամենայնիւ կրցան գիշերը ցերեկին խառնելով բերք հասցնել, եղան գերին մեծ շահատէրերուն, քանի որ ձեւ չունէին արտադրանքը շուկայ հասցնելու… Փոխադրամիջոցներու տէրը մենաշնորհի տէրերն էին… Հետեւաբար իրերայաջորդ իշխանութիւններու աչքերուն առջեւ տեղի ունեցաւ անհատ գիւղացիութեան ոլորտի արագ փոշիացումը: Եւ տարածքներու աստիճանական կեդրոնացու՛մ մը մենաշնորհային համակարգի ուժերու ձեռքին:
Եւ այժմ յանկարծ երկրի գիւղատնտեսութեան փրկութիւնը կը սկսինք փնտռել արաբ եւ իրանցի եւ հնդիկ մեծ գործարարութիւններու հողային գնումներուն մէջ փոխանակ մտածելու գիւղատնտեսութեան ոլորտի արմատական բարեփոխութեան մասին: Փոխանակ մեծ թափով հրապարակ իջնելու եւ գիւղացի՛ն վերակազմաւորելու, զայն նորօրեայ արհեստագիտութեամբ զինելու, անոր անհրաժեշտ ենթակառոյցներ հայթայթելու եւ անոր արտադրական գործունէութիւնը շուկայական արդիական գործընթացներով հարստացնելու: Տարիներ առաջ, վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի անձնական ճիգերով խորհրդարանը ընդունեց յատուկ օրէնք պետական քաջալերանք ցոյց տալու համագործակցայիններու կազմութեան: Այդ օրէնքը մնաց թուղթի վրայ: Այժմ եւս պետութեան առջեւ դրուած է գիւղացին բարոյապէս լիազօրելու (empower) մեծ հրամայականը: Առաջին Հանրապետութեան օրով, պատմական մեծ գործի մը սկիզբը դրուեցաւ: Պետական գործօն քաջալերանքով ստեղծուեցան համագործակցայիններ (կոոպերատիւ, cooperatives) եւ գիւղացին պետութեան մէջ գտաւ իր անկեղծ գործընկերը: Այսօր կը գտնուինք այնպիսի կացութեան մը մէջ, ուր գիւղացին հետզհետէ ինքզինք կը գտնէ իր հողէն օտարուելու տարերային պարտադրանքին տակ: Ամօ՛թ մեզի, եթէ մենք ազգովին ձեռնթափ պիտի մնանք այս ազգային ողբերգութեան առջեւ:
Հողը օտարերկրեայ շահերու յանձնելու այս մոլորութիւնը անընդունելի է որեւէ պատճառաբանութեամբ եւ որեւէ չափանիշով: Ան որեւէ կապ չունի օտարազգի ընկերութեանց հետ արդիւնաբերութեան (industry) մարզին մէջ համատեղ գործակցութեամբ ներդրումներ ձեւաւորելու համաշխարհային փորձին հետ: Դուք այստեղ կը վաճառէք մեր ազգային ինքնութիւնը սահմանող հայրենական (patrimonial) հարստութիւնը եւ գրաւի տակ կը դնէք բոլոր վաղուան սերունդներու հայրենական իրաւունքը, որուն իրաւունքը դուք բացարձակապէս չունիք: Դուք ձեր ոտքերը դրած էք շատ փորձանաւոր հողի մը վրայ: ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ: Ասոնք օլիգարխիական համակարգէն ուղիղ գծով սերող ծոյլ եւ անպատասխանատու «լուծում»ներ են, զորս մեր ժողովուրդը պիտի մերժէ: Եւ պիտի մերժէ ամէն գնով:
Դեկտեմբեր 21, 2017
Ուաշինկթըն
ԿԱՐՕ ԱՐԵՆԵԱՆ