Հինգշաբթի, 21 Դեկտեմբեր 2017-ին, մինչ Հալէպի բնակչութիւնը կը պատրաստուէր տօնել քաղաքիազատագրման առաջին տարեդարձը, զինեալ ահաբեկիչներ կէսօրուան ժամը 12:00-ին հրթիռակոծեցին Հալէպի կեդրոնը գտնուող Նիլ պողոտան: ՍԱՆԱ-ի տուեալներուն համաձայն, զոհուեցաւ 8 տարեկան մանուկ մը եւ 13 տարեկան պատանի մը: Վերջինիս ընտանիքին երեք անդամները եւ այլ քաղաքացի մը ծանրօրէն վիրաւորուեցան:
Հրթիռակոծման նպատակն էր վախի մթնոլորտ ստեղծել ու ձախողութեան մատնել Հալէպի ազատագրումին առիթով կազմակերպուած տօնախմբութիւնը:
Հակառակ բարբարոսական այս հրթիռակոծման, ժողովուրդը խուռներամ բազմութեամբ մասնակցեցաւ տօնական հաւաքին: