Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչած թուրք յայտնի պատմաբան Թաներ Աքչամ այցելած է բանտէն փախելէն ետք Յունաստան ապաստանած պոլսահայ լեզուաբան Սեւան Նշանեանին: Այս մասին անոնք գրած են ֆէյսպուքեան իրենց էջերուն վրայ:
Նիշանեան հրապարակած է Սամոս կղզիին մէջ իր եւ Աքչամի լուսանկարը` հետեւեալ գրութեամբ. «Բանտէն փախչողները: Թաներ Աքչամի հետ կը քննարկենք կղզիի աշխարհաքաղաքական վիճակը»: Ան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ Նոր տարի Աքչամ պիտի մնայ իրեն հետ:
Սամոս երթալու մասին գրած է նաեւ Աքչամ` նշելով` մեծապէս հաւատացած է, որ լեզուաբանին հետ այդ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական իրադրութեան քննարկման արդիւնքները բարենպաստ պիտի ըլլան մարդկութեան ապագայի համար:
Երբ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան յայտարեց Թուրքիայէն հեռացած եւ Եւրոպայ հաստատուած հայերու, ինչպէս նաեւ Էրտողանի ընդդիմադիրներու դէմ մահափորձ ձեռնարկելու մասին` Նշանեան մէկ այլ գրառում ըրած է։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում