«Գանձասար». Պոլսոյ «Արաս» հայկական հրատարակչութեան պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջհրատարակուած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն Սեբաստիոյ հայերու կոտորածին ու աքսորին մասին պատմող նոր գիրք մը:
Մուրատ Աթաշի կողմէ գրի առնուած «Արմինէ. (Չարաք լերան աքսորը)» կոչուող վէպը, որ հիմնուած է իրական դէպքերու վրայ, կը պատմէ պատմական Սեբաստիոյ գիւղերէն մէկու մը հայ բնակչութեան` Ցեղասպանութեան տարիներուն ապրած զրկանքներուն ու այդ տարածքին մէջ հայերու եւ թուրքերու յարաբերութիւններու մասին:
Վէպը համեմուած է նաեւ գլխաւոր գործող անձի` Արմինէի ու անոր ընտրեալ Ջիւանի սիրոյ պատմութեամբ ու կը պատմէ Ցեղասպանութեան հետեւանքով խեղուած ճակատագիրներու մասին:
224 էջնոց թրքերէն վէպը խմբագրած է պոլսահայ մտաւորական, «Ակօս» պարբերականի նախկին խմբագիր եւ «Արաս» հրատարակչութեան ղեկավար Ռոպեր Քոփթաշ: