Պատմաքաղաքական զիկզակներ. Ջուղայի սրբապղծուած հայկական խաչքարերու աղաղակը եւ ճգնաժամերը յաղթահարելու կամքը (Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան ոչնչացման 12-ամեակին առիթով)
ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը դարերու ընթացքին դիմագրաւած է բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այդ մարտահրաւէրները դիմագրաւելուն մէջ թէեւ պատահած է, որբազմատեսակ ու տարբեր բնագաւառներու մէջ տարուած աշխատանքին լարուածութեան պատճառով անոր ուժը սպառած է կամ երբեմն` թուլացած: Բնականաբար այս խնդիրը կը ծագի առաջնահերթ եւ երկրորդ կարգի իրագործուելիք ծրագիրներու գոյութենէն:
Բայց եւ այնպէս թշնամիի կամ հակառակորդի հետ մեր ունեցած որեւէ խնդիր պէտք չէ երկրորդական հարց սեպել կամ աշխատանքը դանդաղեցնել, մինչեւ այն ատեն որ այդ հարցը ներգրաւուած է Հայ դատի շրջածիրէն ներս: Ոչ նպատակադրուած ձեւով աշխատանքը դանդաղեցնելը թուլութեան նշան է, իսկ մոռացութիւնը` թշնամիին ժամանակ շահիլ տալ: Այլ խօսքով, թշնամիին առիթ տալ, որպէսզի խեղաթիւրելու եւ ապատեղեկատուութիւն տարածելու ոստոստում կատարէ:
Այստեղ, բնականաբար լուսարձակի տակ կ՛առնենք լրջօրէն համայն հայութիւնը յուզող, յուշող, խարազանող, մեզ զգաստութեան հրաւիրող խիստ կարեւոր, բռնագրաւուած Նախիջեւանի հիմնահարցը ընդհանրապէս եւ յատկապէս` Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան հանդէպ գործադրուած սրբապղծումն ու մշակութային եղեռնը` ազրպէյճանցիներու կողմէ, որ ազգովին երբեմն մոռացութեան կամ երկրորդական հարցի վերածած ենք, այլ խօսքով` շրջանցած ենք:
Արդարեւ, կը թեւակոխենք համաշխարհային մշակութային ժառանգ եղող Հին Ջուղայի հայկական գերեզմանատան ոչնչացման 12-ամեակը: Անմիջապէս կը վերակենդանացնենք մեր յիշողութիւնը եւ մեր աչքերուն դիմաց կը թարմացնենք այդ օրերու պատկերը` Հայաստանի Հանրապետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու կողմէ դատապարտումը, աշխարհի տարածքին Հայ դատի յանձնախումբերու եռուզեռը` զանազան երկիրներու դեսպաններու եւ կազմակերպութիւններու բողոքելու համար ընդդէմ գործադրուած ահաւոր ոճիրին ու բնաջնջման:
Հին Ջուղայի գերեզմանատան խաչքարերու ոչնչացման համար միջազգային ընտանիքի պետական եւ քաղաքական բոլոր անդամներն ալ միայն ըսին ու մինչեւ օրս հատուկենտ յիշեցումի համար միայն կ՛ըսեն` «Պէտք է դատապարտուի»: Հոս ուշադրութեան կը յանձնենք, որ «պէտք է դատապարտուի» եզրոյթը օրին օգուտ չունէր եւ չունեցաւ ալ, այստեղ կը պակսէր ճնշումը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն վրայ` անոնց կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման քաղաքականութեան վերջ դնելու համար:
14-15 դեկտեմբեր 2005 թուականին Ազրպէյճանի կառավարութիւնը կանխամտածուած եւ ծրագրուած ձեւով, ազրպէյճանական բանակին ուժերով Ազրպէյճանի մէջ գտնուող Հին Ջուղայի գերեզմանոցի հիմնայատակ վերջնական ոչնչացումը իրագործեց աշխարհի աչքին առջեւ: Այս մէկը բնականաբար վերջնական հարուած էր 10-րդ դարուն քանդակուած «խաչքարերուն», որոնք կառուցուած էին 6-էն մինչեւ 17-րդ դարերուն: Հայկական խաչքարերը ընդգրկուած են ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցանկին մէջ:
Ինչպէս ամբողջ աշխարհին յայտնի է, 1998-2006 թուականներուն ազերիները շինարարական ծանր մեքենաներով ոչնչացուցին Նախիջեւանի Ջուղա պատմական քաղաքին մէջ գտնուող հայկական գերեզմանոցը, ուր կային հազարաւոր արժէքաւոր խաչքարեր:
Հայոց ցեղասպանութենէն ետք Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած Հայաստանի տարածքին վրայ տեղի ունեցած սրբավայրերու եւ յուշակոթողներու հանգրուանային բնաջնջումէն ետք, Նախիջեւանի տարածքին յուշակոթողներու այս աննախադէպ եղեռնը մեր պատմութեան ու մշակոյթին համար երկրորդ մեծածաւալ ու անվերականգնելի կորուստը կը համարուի:
Հետեւաբար, Նախիջեւանի կցումը Ազրպէյճանին, զայն ապահայացնելու ծրագիրը եւ հայկական հազարաւոր յուշարձաններու քանդումն ու ոչնչացումը պարագայական քաղաքականութեան մը դրսեւորումը չէին եւ չեն նաեւ ամբողջ Նախիջեւանի տարածքին:
Այսօր ոչ մէկ ձայն կը լսենք Նախիջեւանի յուշակոթողներու մասին, չկայ այլեւս տագնապ, չկայ բողոք, եւ չկան այդ օրուան դատապարտումները, երբ չկան արդէն նաեւ մեր նախնիներու գեղաքանդակ, հրաշալի ու սքանչելի յուշակոթողները: Նախիջեւանի յուշակոթողներու պահպանութեան մասին այլեւս մտածելն ու խօսիլն անգամ արդէն աւելորդ է:
Կորուստը ահռելի էր, բայց այդ կորուստը միայն հայ ժողովուրդինը չէր: Համայն քաղաքակիրթ աշխարհին է, որ անդառնալի կորստեան փաստի առջեւ կանգնած է:
Բոլորը լուռ են, մինչ ազրպէյճանցիք արիւնաթաթախ ձեռքերով կը շարունակեն իրենց թրքավայել գործընթացը, մեծածաւալ խեղաթիւրումները, դատարկելու համար Նախիջեւանը իր հայկական ինքնութենէն: Արդ, համաթուրանական ծրագիրը միշտ առկայ է` ըլլա՛յ Ազրպէյճանի, ըլլա՛յ թուրք ղեկավարներուն մօտ:
Այսօր, ինչպէս սկիզբէն ի վեր, ազրպէյճանցիները պատմութիւնը խեղաթիւրելու շատ փորձեր կը կատարեն: Ուղղակի Նախիջեւանի տարածքին վրայ ոչնչացնելով ամէն ինչ, որ հայկական ծագում ունի եւ կը փաստէ հայկական հող ըլլալը:
Բայց զուր են այդ բոլոր ուրացումները, բոլոր խեղաթիւրումները, բոլոր հերքումները, զուր են ամէն խաբկանք ու կեղծարարութիւն, ի՛նչ աղբիւրներէ ալ բխին:
Ազրպէյճանցիները կայքէջերու ընդմէջէն օտար լեզուներով կը ներկայանան որպէս իրաւատէրը հայկական հողին:
Գառնուկի մեղկ, որբացած, խեղճուկ զաւկի մը պէս կը ներկայանան` խեղաթիւրուած քարոզչութեամբ, միազգային ընտանիքը ներգրաւելու, մոլորեցնելու եւ հայը թշնամի ցոյց տալու:
Սակայն ներքին քարոզչութիւնը ճիշդ հակառակն է` համաթրքութեան կոչեր, մոլեռանդութիւն, ցեղապաշտութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն:
Այնուհետեւ, ի՞նչ կը կատարուի այդ առնչութեամբ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն մշակութային կոթողները ապահովութեան տակ կ՛առնէ՞, թէ՞ բնաջնջումի ականատես կ՛ըլլայ:
Այս առումով, չենք ուզեր վատ բան մտաբերել, սակայն մինչեւ օրս ի շահ հայ ժողովուրդին լաւ բան մըն ալ չտեսանք: Ո՛չ այդ քանդուած խաչքարերը համախմբել, ո՛չ ալ այդ գերեզմանատան մէջ հայկական խաչքար մը կանգնեցնել, փոխարէնը` խոստացուած էր խաչքարի մը զետեղումը, որ միայն պիտի խորհրդանշէր քրիստոնէութիւնը եւ ոչ թէ` հայկական ինքնութիւնը: Անշուշտ այդ մէկն ալ չիրագործուեցաւ:
Մշակութային մաքրագործումը կը շարունակուի, եւ նոր արտայայտութիւնը կը հանդիսանայ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատճառած ոգիին. այս բարբարոսութիւնը կանխամտածուած արարք մըն է, որ կը բացայայտէ ատելութիւնը` երկար ատեն հալածուած ազգի մը հանդէպ:
Նախիջեւանի` Հին Ջուղայի հայկական յուշարձաններու աւերումը մշակութային ցեղասպանութիւն է եւ ոչ ուրիշ բան. արդ, այս մէկը ունէր համամարդկային տարողութիւն եւ ոչ թէ` համազգային:
Այս առումով, մենք իբրեւ հայ, արդեօք կրցա՞նք լարել մեր բոլոր ճիգերն ու հնարաւորութիւնները` սփիւռքի հեռաւոր ափերէն մինչեւ Հայաստան: Կը շարունակուի ազրպէյճանցիներու ատելութիւնը հայերու նկատմամբ, ու կը գերիշխեն` ազգայնամոլութիւնը, ցեղապաշտութիւնն ու համաթուրանական եւ համաթրքութեան կոչերը: Ազրպէյճանի դրօշի ներքեւ տեւական կատարուեցան ու կը կատարուին կոտորած, քանդում ու ոչնչացում` անհետացնելու ժողովուրդի մը անցեալն ու պատմութիւնը:
Վերջապէս, հայու սրտին մէջ տաղուած, բայց անոր ոտքին տակ գտնուող Նախիջեւանի հայկականութիւնը կարելի չէ ջնջել, այդ մէկը վստահաբար կախեալ է մեզմէ:
Կան հայկական զանազան կայքէջեր, որոնց մէջ կան հայոց պատմութեան եւ աշխարհագրութեան նիւթեր, սակայն կը պակսին հայկական Նախիջեւանի մասին տեղեկութիւններ, եւ կամ ընդհանրապէս չի գտնուիր Նախիջեւան երկրամասի անունը:
Նկատի առնելով, որ բանտարկուած մեր բնօրրանը` Նախիջեւանը եւս Հայ դատի անքակտելի մասնիկն է, «ՋՈՒՂԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԽԱՉՔԱՐԵՐՈՒ ՍՐԲԱՊՂԾՄԱՆ ԵՒ ՈՉՆՉԱՑՄԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՕՐ»-ուան 12-րդ տարելիցին առիթով, մեծ աշխատանք կը ծանրանայ հայ ժողովուրդի ուսերուն ընդհանրապէս, իսկ մասնաւորապէս երիտասարդէն կը պահանջուի հետեւողական լուրջ հետապնդում` ամբողջական յանձնառութեամբ, բոլորանուէր մասնակցութեամբ եւ զոհաբերութեան աննահանջ ոգիով:
Այս բոլորը վստահաբար կը նպատակադրեն ծրագրուած համահայկական լայն քարոզչական արշաւ` լրատուամիջոցներու, նամակարշաւներու, մամուլի եւ զանազան միջոցներով, որովհետեւ անոնք շատ լաւ կը կատարեն վերը յիշուածները:
Միւս կողմէ, Հայ դատի յանձնախումբերու ուսերուն մեծ պարտաւորութիւն է, որ մեր առաջնահերթ հարցերուն առընթեր, Նախիջեւանի հարցն ալ իրենց օրակարգի վրայ մշտական ուժի մէջ մնայ, որպէսզի ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանին, ինչո՞ւ չէ, նաեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին եւ այլ միջազգային ատեաններուն վրայ: Ճնշում բանեցնելով, պատասխանատուութեան ենթարկել Ազրպէյճանը` հայկական պատմական, մշակութային եւ կրօնական յուշակոթողներու ոչնչացման համար: