Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի (ՄԻԵԴ) Նոյեմբեր 28-ին կայացուցած որոշման, որմով կը չեղարկուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտած թուրք գործիչներու դէմ զուիցերիական դատարանին դատավճիռը:
Անգարան ՄԻԵԴ-ի այս որոշման վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն՝ զայն որակելով իրաւական կարեւոր դիրքորոշում, որ հիմնուած է ժողովրդավարութեան եւ իրաւական սկզբունքներու վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ ՄԻԵԴ-ը՝ արձանագրելով զուիցերիական դատարանին կողմէ ցեղասպանութիւնը ժխտելու մեղադրանքով դատապարտուած թուրք գործիչներու խօսքի իրաւունքին խախտումը, հզօր իրաւական դիրքորոշում ցուցադրած է բոլոր այն գործողութիւններուն հանդէպ, որոնք կը պարտադրեն «ցեղասպանութեան պնդումներ»-ը ընդունելու իբրեւ ճշմարտութիւն:
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում