Նախագահ Սերժ Սարգսեան Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 28ին, Հայաստանի Յատուկ քննչական ծառայութեան կազմաւորման 10ամեակին առիթով ունեցած իր ելոյթին մէջ յայտարարեց, որ իր համոզումով՝ «անարդարութեան ցանկացած դրսեւորում հիւանդութիւն է, ընդ որում՝ ծանր: Այն նման է քաղցկեղի. առանց միջամտութեան չի անցնում եւ ինքնաբերաբար չի բուժւում, աւելին՝ տարածւում է»:
Նոյն ելոյթին մէջ նախագահը ընդգծեց, որ «հակակոռուպցիոն (կաշառակերութեան դէմ-Խմբ.) պայքարը մեզ համար ազգային անվտանգութեան հարց է»:
Յաղթահարելով հաշիւ պահանջելու ամէ՛ն փորձութիւն, թէ ինչո՛ւ անցեալ առնուազն տասը տարիներուն թոյլ տրուեցաւ, որ արտագաղթի, համատարած յուսահատութեան ու բարոյալքումի վարակի տեսքով դրսեւորուած այս քաղցկեղը անարգել տարածուի պետական համակարգէն ներս, կ՛ուզենք, շա՜տ կ՛ուզենք խօսքի ու գործի անհամապատասխանութեան շրջանակէն դուրս պրծելու առիթ նկատել այս յայտարարութիւնը:
Մեզի՝ հեռու ապրողներուս համար, հաւանաբար դիւրին է այս առիթը տալու տրամադրուիլ: «Սպասենք ու տեսնենք»ը պարզապէս յուսահատութեան գիրկէն դուրս գալու, մեր առօրեան տանելի դարձնելու ճարպիկ բանաձեւ մըն է, բայց եւ որուն տուրք տալու ժամանակ իսկ անհանգի՛ստ կը զգանք:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում