«Եռագույն». Իրան-Իրաք սահմանին վրայ տեղի ունեցած աւերիչ երկրաշարժէն անցած է երեք օր: Փրկարարները դէպքէն երեք օր անց փլատակներու տակէն դուրս բերած են հրաշքով ողջ մնացած փոքրիկ մը:
Ըստ Independent-ի` ժպտուն դէմքով երեխային լուսանկարը կարճ ժամանակի մէջ լայն տարածում գտած է համացանցին մէջ: Ոմանք ատիկա «հրաշք» որակած են` ընդգծելով կեանքի մէջ յոյսով ապրելու կարեւորութիւնը:
Յիշեցնենք, որ երկրաշարժի հետեւանքով զոհուած է առնուազն 430, վիրաւորուած` աւէի քան 7000 մարդ: