Արցախի հարցի շուրջ, բանաձեւը հաւասարակշռուած տեսակէտ կը յայտնէ եւ կը նշէ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրոխորհրդարանի զօրակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահներու աշխատանքին եւ անոր 3 հիմնական սկզբունքներուն, որոնք են «Ոյժի ոչ կիրառում»-ը, «Ազատ ինքնորոշման իրաւունք»-ը եւ «Հողային ամբողջականութեան» սկզբունքները:
Հարկ եղաւ ՀՀ դեսպանութեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակի համադրուած աշխատանքին, փոխելու համար յօդուածին մէջ հետեւեալ սխալ մեկնաբանութիւնը՝ կը նշուէին միայն «Ոյժի ոչ կիրառում»-ի եւ «Հողային ամբողջականութեան» սկզբունքները: Սակայն կարելի եղաւ մեր ջանքերով, համոզել պատասխանատուները եւ զեկուցաբերները, որ արդար եւ հաւասարակշռուած պիտի ըլլար եթէ նշուէր նաեւ «Ազատ ինքնորոշման իրաւունք»-ի սկզբունքը:
Գասպար Կարապետեան
ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի հանձնախումբի նախագահ