«Եռագույն». Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց, որ Նանթերի դատարանը անընդունելի նկատած է ֆրանսացի լրագրողներ Էլիզ Լուսեթի եւ Լորան Ռիշարի, ինչպէս նաեւ «Ֆրանս Թելեվիզիոն»-ի դէմ յարուցուած դատական հայցը:
«Ֆրանսական արդարադատութիւնը կը հաստատէ, որ բռնատիրական պետութիւն մը չի կրնար ֆրանսական հողի վրայ անուանարկութեամբ զբաղիլ», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Ֆրանսայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Յարութ Մարտիրոսեան յայտարարած է. «Ազրպէյճանը բռնատիրութիւն մըն է, եւ ատիկա ո՛չ միայն կրնանք ըսել, այլ նաեւ յայտարարել, հաստատել ու ըսել առանց ենթարկուելու պարոն Ալիեւի բռնաճնշումին»:
«Անոնք, որոնք, ինչպէս Նիսի արդարադատութեան կաճառին մէջ կամ կարգ մը տնտեսաքաղաքական շրջանակներու մէջ կը շարունակեն զօրակցիլ այս բռնատիրութեան, այժմ իրենց հաւաստիութիւնն ու խիղճերը գրաւի կը դնեն», եզրակացուցած է ան: