«Ակօս»․- Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան 2018-ի ազգային պիւտճէի քննարկումներու ժամանակ բանավէճ ունեցաւ վարչապետի օգնական Հաքան Չաւուշօղլուի հետ։ Փայլան առարկեց վարչապետի օգնականին երկրի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հասցէին օգտագործած «անոնք մեր կողմէ երաշխաւորուած աւանդներ են» խօսքին։ Վարչապետի օգնական Չաւուշօղլու Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան եւ իրեն ենթակայ այլ կազմերու տարեկան պիւտճէն ներկայացնելու պահուն պատասխանեց նաեւ երեսփոխաններու ուղղած հարցումներուն։ Այդ շրջագծով բանավէճ մը տեղի ունեցաւ Փայլանի ու նախարարին միջեւ։ «Իմ ապրած պայմանները զիս կը մղեն փոխադարձ ընկալումի։ Երկրի մէջ մնացած փոքրամասնութիւնները մեզի աւանդ են։ Իսթանպուլի մէջ բնակող փոքրամասնութիւնները աւանդ են մեր պետութեան, ինչպէս որ արեւմտեան Թրաքիոյ իսլամ փոքրամասնութիւններն ալ աւանդ են Յունաստանին»։ Նախարար Չաւուշօղլու այս խօսքերէն ետք իր ելոյթը եզրափակեց «սա ո՛չ միայն իմ անձնական համոզումն է, այլ մեր կառավարութիւնն ալ կը ցանկանայ երկրի քաղաքացիներուն բոլոր իրաւունքներուն տիրանալուն։ 2013-ին արդէն այս մասին շրջաբերական մը հրատարակած ենք։ Թուրքիոյ Պատժական Օրէնքի մէջ բանտարկութեան պատիժ սահմանուած է խտրականութեան դէմ։ Մեր համոզումով երկրի փոքրամասնութիւնները պէտք է լիակատար քաղաքացիներ համարուին»։ Ան տակաւին շարունակեց թուելով բոլոր այն հաստատութիւնները, որոնք անցեալին առգրաւուած էին եւ ապա վերադարձուեցան իրենց նախկին տէրերուն։ «2003-2014 տարիներու միջեւ 1029 կալուածներ վերադարձուեցան իրենց նախկին տէրերուն։ Իսկ 21 կալուածներու համար պետութիւնը հատուցում կատարեց»։ Չաւուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ հայկական մշակոյթի ժառանգներու պահպանման ուղղութեամբ կատարուած աշխատութիւններուն։
Այս բացատրութիւններէն ետք Չաւուշօղլու ակնարկելով ՀՏՓ-ի Իսթանպուլի պատգամաւոր Կարօ Փայլանին հարցուց թէ արդեօ՞ք ինք լուր ունի Երեւանի մէջ գտնուող Սէրտար պալատէն։ «Ո՞ւր է այդ պալատը հիմա։ Մնացորդացը մնացած է արդեօ՞ք։ Գիտէք թէ ո՞վ կառուցած է այդ։ Ռեւանի Խան Հիւսէյին Ալին։ Խնդրեմ հիմա մամլոյ ժողով մը գումարեցէք եւ այս բոլորին յայտնաբերման համար կոչ ուղղեցէք Հայաստանի կառավարութեան։ Եթէ իրենք չեն կրնար, թող -ԹԻՔԱ-ի հետ կապ հաստատեն մենք պատրաստ ենք պէտք եղած աջակցութիւնը ցուցաբերելու»։
Կարօ Փայլան նիստի ընթացքին հակազդեց նախարարին այս խօսքերուն։ Փայլան աւելի ետք իր ընդվզումը բացատրեց հետեւեալ խօսքերով. «Դժբախտաբար կառավարութիւնը եւ իրենց հետ միասին ամբողջ պետական համակարգը վերջին երկու տարիներուն որդեգրած կ՚երեւին պետութեան նախկին մտածելակերպը։ Այժմ կը լսենք այնպիսի խօսքեր, որոնց արդէն սովոր էինք մեր մանկութեան տարիներէն։ Ես այդ օր նախարարին յայտնեցի որ մենք ո՛չ աղանդ եւ ո՛չ ալ պատանդ ենք։ Մենք քաղաքացիներ ենք, քաղաքացիներ՝ որ հազարաւոր տարիներէ ի վեր կը բնակինք այս հողերու վրայ։ Պետութիւնը ստիպուած է մեզի հետ յարաբերութիւններու մէջ որդեգրել համաշխարհային սկզբունքներու թելադրած կանոնները։ Ինք ծնած է Կիւմիւլճինէ։ Հետեւաբար պէտք է քաջ իմանայ փոքրամասնութիւններու խնդիրները։ Սխալ գործած կ՚ընէ, եթէ Կիւմիւրճինէի մէջ իրեն դէմ գործադրուած անարդարութիւնները այստեղ մեզի դէմ գործադրել ուզէ։ Փոխանակում ըսուածը քաղաքացիներու դէմ գործադրելը անընդունելի է։ Եթէ Յունաստան իր երկրի փոքրամասնութիւններուն դէմ աւելի անարդար գտնուի ինք ալ այստեղ մեզի՞ դէմ անարդարութիւն պիտի ընէ։ Թուրքիա Լոզանի դաշնագրով պահանջուածներէն առաջին շեղողը եղաւ։ Ունեւորութեան տուրքի գործադրութիւնը, փոքրամասնութիւններու դպրոցներուն իրաւունքներուն յափշտակումը, Պատրիարքարանի իրավիճակին մերժուիլը հետզհետէ Յունաստանն ալ ստիպեցին փոխադարձ միջոցներու ձեռնարկելու։ Ես Թուրքիոյ Հանրապետութեան պատգամաւորն եմ։ Ինձմէ չէք կրնար Յունաստանի կամ Հայաստանի որեւէ մերժողական քաղաքականութեան հաշիւը պահանջել։ Թուրքիան պէտք է իր քաղաքականութիւնով արդար գործէ, որպէսզի ես ալ ձեզի հետ միասին Յունաստանի կամ Հայաստանի բացասական գործունէութիւններու դէմ պայքարիմ»։
Կարօ Փայլան անդրադարձաւ նաեւ պատրիարքական եւ համայնքային հաստատութիւններու ընտրութեան խնդրին։ «Հայ համայնքը խնդիրներ ունի, որոնք շտապ լուծումներու կարիք ունին։ Պէտք է շուտով կատարուի պատրիարքի ընտրութիւնը եւ պատրաստուած նոր կանոնագրի մը հիման վրայ ալ ձեռնարկուի համայնքային հաստատութիւններու ընտրութիւններուն», – ըսաւ Կարօ Փայլան։