Գիտեմ, որ ըսելիքս նորութիւն չէ, բայց վերջին իրադարձութիւնները ստիպեցին զիս անգամ մը եւս, ինչպէս արաբական ասացուածքը կ’ըսէ, «կէտերը տառերուն վրայ դնել», այսինքն ամէն ինչ ճիշտ ներկայացնել՝ բնականաբար իմ տեսանկիւնէս։
Նախ իրատեսական չէ, որ իր գրկի մէջ ապրած ժողովուրդը նման պայմաններու մէջ պահող պետութիւն մը հայրենադարձութեան ծրագիր մշակէ, որովհետեւ այդ ծրագիրը կ’ենթադրէ լաւ պայմաններ (երկիրը շատ լաւ պայմաններու հնարաւորութիւն չունի) ստեղծել ծրագրի ծիրէն ներս Հայաստան եկող հայերուն, այսինքն՝ անոնք պիտի գերադասուին գիւղի սահմանները կեանքի գնով պահող ու խեղճ կեանքով ապրող գիւղացիներէն, զինուորներու ծնողներէն, աւելի շուտ Հայաստան վերադարձած հայերէն եւ հաւանաբար նոյնիսկ պատերազմի պատճառով հինգ տարի առաջ կամ աւելի ուշ Հայաստան տեղափոխուած սուրիահայերէն (նայած հայրենադարձ հասկացողութիւնը ծրագրի ծիրէն ներս ինչ սահմանում կ’ունենայ), այս պարագային ծրագիրը կը դառնայ պառակտման խթանիչ ուժ։
Ոեւէ մէկը մեղադրելու ո՛չ մտադրութիւն ունիմ, ո՛չ ալ իրաւունք, սակայն իրական փաստերը ներկայացնելու իրաւասութիւնը անկասկա՛ծ ունիմ.
Պառակտման վառ օրինակը սուրիահայերու համար ստեղծուած պայմաններն են. սուրիահայ ուսանողները Հայաստանի մէջ համալսարան յաճախելու համար ստացան 60-70 տոկոս փոխհատուցման իրաւունք (գնահատելի եւ ողջունելի նախաձեռնութիւն՝ ՀՀ կառավարութեան, ՀԲԸՄ-ի եւ Գալուստ Կիլպէնկեան հիմնադրամի կողմէն) հակառակ անոր, որ սուրիահայ տղաներու բացարձակ մեծամասնութիւնը քաղաքացիութեան չէ դիմած՝ Հայոց բանակին չծառայելու համար, իսկ բազում հայաստանցի տաղանդաւոր ուսանողներ ուսման վարձը վճարելու հնարաւորութիւն չունենալու պատճառով՝ կը զրկուին բարձրագոյն կրթութիւն ստանալէն եւ շատ յաճախ Հայոց բանակին ծառայլէն ետք ուսումը չեն շարունակեր։
Եւրոպա երթալու նպատակով Հայաստան հասած ու Եւրոպա հասնելէն ետք, հայաստանեան անձնագրէն հրաժարած բազում սուրիահայեր, Հայաստանի մէջ օգտուեցան իրենց համար ստեղծուած առողջական խնդիրները լուծելու հնարաւորութիւններէն՝ ընդհուպ մինչեւ սրտի եւ աչքի վիրահատութիւններ, որոնց մասին հայաստանցի գիւղացին եւ ոչ միայն գիւղացին, յաճախ նոյնիսկ պատերազմին վնասուած զինուորն ու զոհուած զինուորի ընտանիքը չի կրնար անգամ երազել, եւ բազում այլ հնարաւորութիւններ՝ տան վարձի եւ սննդամթերքի յաճախակի ապահովում եւ այլն։ Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ հայաստանցին պոռթկայ եւ պոռթկալու իրաւունք ալ ունի, բայց ո՛չ թէ սուրիահայուն դէմ՝ այլ այն պետութեան, որ հաւասար պայմաններ եւ արժանավայել կեանք չ՝ապահովեր բոլոր հայերուն համար։
Նայիրի Մկրտիչեան
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»–ի կայքում