Այսօրուան թերթին մէջ պիտի գտնէք դաշնակցական երկու պատասխանատու գործիչներու գնահատումները եւ ակնկալութիւնները՝ Հայաստանի կառավարութենէն։
Իբրեւ կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութիւն, հասկնալի է, որ Դաշնակցութիւնը իր հրապարակային գնահատումներուն մէջ պիտի փորձէ զսպուած ու հաւասարակշռուած բանաձեւումներով բաւարարուիլ, որքա՛ն ալ ներքին քննարկումներու ընթացքին սուր քննադատութիւններ կատարելու հիմքեր ունենայ:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեանի եւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի այսօրուան ելոյթներուն մէջ կայ յստա՛կ անբաւարարուածութիւն՝ կառավարութեան անձնակազմային (քատրերու) եւ աշխատանքներու արդիւնաւորման թափին կապակցութեամբ:
Արմէն Ռուստամեան, կառավարութեան ձեռնարկած քայլերուն գնահատական տալու ժամանակ, կ՛ուզէ հարցին մօտենալ քաղաքացիներու կենցաղային պայմաններուն մէջ շօշափելի բարելաւման տեսանկիւնէն, եւ այդտեղ կ՛արտայայտէ իր անբաւարարուածութիւնը: Եթէ ժողովուրդը չզգայ, ուղղակի իր կեանքին ու իր առօրեային մէջ չտեսնէ դէպի լաւ ընթանալու փաստերը, ապա ի՛նչ հիման վրայ յոյսը պիտի կապէ ապագային, ինչպէ՛ս պիտի հիմնաւորէ իր լաւատեսութիւնը եւ վստահութիւնը կառավարութեան գործելակերպին ու անոր ուղղութեան հանդէպ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում