Ամերիկեան հասարակութիւնը կը դիմագրաւէ անապահովութեան զգացումով ապրելու հոգեվիճակին մատնուելու վտանգը:
Երկրի ամէնէն հանգիստ ու ապահով նկատուող գիւղի մը եկեղեցին իսկ եթէ ապահով վայր մը չըլլայ, ապա ո՛ւր կրնայ քաղաքացին իր կեանքով մտահոգուելու վախէն ձերբազատուած զգալ:
Ո՛չ մէկ տեղ… Պատահական մոլագարի թէ մոլեռանդ գաղափարախօսութեան մը զինուորագրեալի անհեթեթ զոհը կրնայ դառնալ ոեւէ՛ մարդ, որեւէ՛ վայրի մէջ:
Կարելի է ամէն տեսակի բռնութիւն մերժելու վճռական յայտարարութիւններով կեանքը սովորականի նման շարունակել, բայց մեր հոգիներու խորքը, տեղ մը, մեր զաւակներուն, սիրելիներուն ու հարազատներուն կեանքով վախն ու անհանգստութիւնը չեն կրնար չտագնապեցնել մեզ՝ ե՛ւ իբրեւ անձեր, ե՛ւ իբրեւ հասարակութիւն։
Կազմակերպուած ահաբեկչութիւններ ներշնչողներուն նպատակը այսպիսո՛վ կամաց-կամաց կ՛իրականանայ, եւ այս հզօր երկրի սահմաններէն ներս քաղաքացին ինքզինք արդէն պարտուած կը զգայ: Այս զգացումը պիտի շարունակուի այնքա՛ն ատեն, որ երկրի ղեկավարութիւնը, երկու կուսակցութիւններու պատասխանատուները եւ պետական համակարգին գլուխ կանգնողները կը մերժեն անդրադառնալ ընկերային լուրջ խնդիրներու անտեսման ահաւոր հետեւանքներուն, որոնք կրնան ոեւէ մէկը վերածել մահ սփռող չարիքի։
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում