Ֆրանսայի «Յառաջ» շաբաթաթերի փոխանցմամբ` Վիեննայի մէջ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կանգնեցուած յուշարձանը:
Վիեննայի հայկական ընկերակցութիւններու խումբը այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն, ուր կ՛ըսուի. «14 տարի անց (2003 ապրիլին էր) Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած Վիեննայի (Իզեռ) յուշարձանը կրկին պղծած են:
«Արդարեւ, անոր երկու երեսները ծածկեցին անարգական եւ անպատկառ արձանագրութիւններով:
«Վիեննայի հայկական ընկերակցութիւններու խումբը ամենայն խստութեամբ կը դատապարտէ այս լկտի եւ զազրելի արարքը եւ որոշած է բողոք ներկայացնել X-ի դէմ:
«Ո՛չ ատելութիւն, ոչ ալ վրէժխնդրութիւն կայ հայոց սրտերուն մէջ, բայց ո՛չ մէկը եւ ոչի՛նչ պիտի կարենայ կասեցնել անոնց Իրաւունքի, Արդարութեան եւ Ճշմարտութեան պայքարը:
«Այս յուշարձանը պղծելով` հարուած հասցուցած են ո՛չ միայն 1915-ի նահատակներու, այլ նաեւ բոլոր այն հայերու յիշատակին, որոնք Համաշխարհային զոյգ պատերազմներու ընթացքին նահատակուած են Ֆրանսայի համար, եւ որոնց յիշատակին եւս կանգնեցուած է այս յուշարձանը:
«Վայրագ այս արարքը, որ մաս կը կազմէ վերջին տարիներուն Ֆրանսայի մէջ արձանագրուած պղծումներու տխուր շարքի մը, մեզի յուշէ, թէ որքա՛ն երկար է Յիշողութեան պաշտպանութեան եւ ժխտողականութեան դէմ պայքարը, որ այն կը մնայ այժմէական հարց, եւ երկրի իշխանութիւններէն կը պահանջէ խիստ պատասխան»:
Նշենք, որ յուշարձանի ետեւի կողմի պղծումը կատարուած է աւելի ամօթալի խորհրդանիշներով: Զանց կ’առնենք նկարը: