«Գանձասար». «Յուզումով, ցաւով ու ընդվզումով դիտեցի Տէր-Զօրի մեր եկեղեցւոյ ու համալիրին նկարները: Քանդում եւ ամայութիւն…: Տէր-Զօրը մեր ժողովուրդին համար հոմանիշ եղաւ ցաւի, տառապանքի ու ցեղասպանութեան: Տէր-Զօրը նաեւ խորհրդանիշ եղաւ մեր ժողովուրդի վերածննդեան: Պատմութեան ընթացքին մեր թշնամիները քանդած են, բայց մենք վերաշինած: Քանդուած Տէր-Զօրը եւս պիտի վերաշինենք հաւաքական հաւատքով ու յանձնառութեամբ»:
Այսպէ՛ս ըսաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս երբ քիչ առաջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տեղեկատուական գրասենեակին մէջ տեսաւ ազատագրուած Տէր-Զօրի մեր եկեղեցւոյ ու համալիրին վերջին պատկերները: