Սուրիական «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Սուրիական բանակը ամբողջութեամբ ազատագրած է Տէր Զօր քաղաքը։
Սուրիական բանակը վերականգնած է ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը ամբողջ քաղաքին մէջ՝ Իսլամական պետութեան վերջին ամրութիւնները գրաւելէ ետք։
Նշենք, որ դեռ Սեպտեմբեր 5-ին սուրիական բանակը կրցաւ ճեղքել Տեր Զօր քաղաքի` շուրջ 3 տարի տեւած շրջափակումը ու գրեթէ միաժամանակ քաղաքի արեւելեան հատուածին մէջ անցաւ ԻՊ-ի դէմ լայնածաւալ գրոհի:
Տէր Զօրը կը համարուի ԻՊ-ի վերջին խոշոր յենակէտը Սուրիոյ մէջ: