Երկու ժողովուրդներու՝ անկախ, ինքնուրոյն ապրելու կամքը, այսօր կ՛ոտնակոխուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ: Երկու ժողովուրդներու՝ անկախ, ինքնուրոյն ապրելու կամքը, այսօր կ՛ոտնակոխուի ամբողջ աշխարհի աչքին առջեւ:
Իրապաշտ, խելօք քաղաքագէտները ի սկզբանէ նախատեսած էին, որ թէ՛ քիւրտերու եւ թէ քաթալաններու ազատ ու ինքնիշխան ապրելու ցանկութիւնը պիտի ճզմուի՝ տարածաշրջանային ու միջազգային շահերէ մեկնած հաշուարկներով:
Մէկ կողմէ՝ Մերձաւոր Արեւելքի անհաւանական դաշինքներ, միւս կողմէ՝ սեփական արժէքային համակարգը անտեսելու եւրոպական միտում, ու ահա՛ երկու ազգային հաւաքականութիւններ, որոնք միջազգային օրէնքներու հիմամբ շարժելով՝ իրենց կամքը քուէով արտայայտեցին, իսկ այսօր կանգնած են մինակ՝ քաղաքական ու ռազմական ահաւոր ճնշումներ դիմագրաւելով:
Ազգային իղձերու կատարման պայքարը ընդհանրապէս հաշուարկներով, իրատեսական ճանապարհներու որոնման ուղիներով յառաջ տանիլը ցանկալի կրնայ ըլլալ, սակայն մարդկութեան պատմութեան զարգացումը դժուար կրնայ պատկերացուիլ, եթէ նման հաշուարկներով եւ ուղիներով պայմանաւորուէին ազգային ազատագրական պայքարները:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում