Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բարձրացէք Երեւանի Զէյթուն, կամ Մոնումենտ թաղամասերը եւ միայն սիրտխառնուք պիտի ունենաք, ի տես դղեակներու տեսքով ցուցաբերուող լկտիութեան. «Ասպարեզ»

Հոկտեմբեր 17,2017 11:09

Գանք հայկական իրականութեան, ուր (գէթ սկզբունքով եւ մեր կարծիքով) մամուլին դերը պէտք է ըլլայ ամէն բանէ առաջ պաշտպանել ու յառաջ մղել Հայաստանի ու հայութեան շահերը: Նախ՝ չտարածել թշնամիին համար նպաստաւոր տեղեկութիւններ կամ վերլուծումներ, ապա՝ Հայաստանի ու հայութեան համար նպաստաւոր տեղեկութիւնները, տեսակէտները տարածել ու այս ձեւով հայկական ընդհանուր «պաշտպանական համակարգ»ին մէջ դերակատարութիւն ստանձնել:

Գալով հայկական ներքին հարցերուն, հասկնալի է, որ տուեալ լրատուամիջոց մը կրնայ պաշտպանել, կամ քննադատել Հայաստանի ու հայկական միջավայրէն ներս պարզուած երեւոյթ մը: Թերթ մը կրնայ պաշտպանել իշխանութիւնները, ուրիշ մը իրաւունքը ունի քննադատաբար վերաբերելու: Անիշխանութիւնը եւ աւերը կը սկսի հոն, երբ տուեալ լրատուամիջոց մը կը սկսի առաջնորդուելու «ամէն ինչ սեւ է», կամ «ամէն ինչ վարդագոյն է» սկզբունքով: Կը յիշեմ անցեալ Ապրիլի պատերազմէն քանի մը ամիս ետք, Հայաստանի «օլիկարխներէն» մէկուն պատկանող «սուփըրմարքէթները» սկսան յաւելեալ այսքան դրամ գանձելու յաճախորդներէն՝ իւրաքանչիւր փլասթիք տոպրակի համար (բան մը, որ տարիներէ ի վեր կը կիրարկուի գէթ Ամերիկայի տարածքին՝ կենսոլորտային մտահոգութիւններէ թելադրուած). պէտք էր տեսնել «ընդդիմադիր» կոչուած մամուլին աղմուկը, թէ՝ «տեսէ՛ք, ժողովուրդը կողոպտելու ինչ նոր հնարքներ են գտել», փոխանակ քաջալերելու, որ երեւոյթը ընդհանրանայ՝ ի շահ երկրի կենսոլորտի մաքրութեան: Կամ՝ իշխանամէտ մամուլին քար լռութիւնը, ի տես նոյն այդ ընչաքաղց խաւին կառուցած եւ բազմամիլիոն տոլար արժող դղեակներուն: Բարձրացէք Երեւանի Զէյթուն, կամ Մոնումենտ թաղամասերը եւ միայն սիրտխառնուք պիտի ունենաք, ի տես դղեակներու տեսքով ցուցաբերուող լկտիութեան: Այս մասին, հայաստանաբնակ մեր եղբայրները թրքերէն բառ մը կը գործածեն, որ այս պարագային շատ տեղին է. ներեցէք որ ես ալ գործածեմ՝ «կէօրմէմիշ» (չտես):

Երբ «արհեստավարժ» ու գործին «մասնագէտ» համարուած շրջանակներն են այս էապէս կողմնակալ ու վնասակար վարքագիծին հեղինակները, ալ ի՞նչ սպասել դիմատետրը գործածող պարզ անհատներէն, որոնք լրագրողական ասպարէզին հեռուէն կամ մօտէն առնչութիւն չեն ունեցած: Հանրութեան հասցէին մեղադրանքի շեշտադրումով չենք ըսեր ասիկա, այլ պարզապէս ցոյց տալու, որ երբ «մասնագէտ» նկատուածը շեղած է, ինչպէ՞ս կրնայ չշեղիլ իրապէ՛ս ոչ մասնագէտը:

Բայց եւ այնպէս, աւեր կը գործուի հայկական ընկերային ցանցերուն մէջ: Չէ՞ որ մարդիկ ազատ են իրենց կարծիքներուն մէջ. այս սկզբունքը նուիրական է բնականաբար: Սակայն կարծիք յայտնողը պիտի վստահ ըլլայ, որ տուեալ նիւթին կը տիրապետէ: Կարելի չէ կարծիք յայտնել նիւթի մը մասին, որմէ գաղափար չունի ենթական. կամ՝ յայտնել այդ կարծիքը միայն իր ունեցած տեղեկութիւններուն չափով: Օրինակի համար, անցեալ տարուան ապրիլեան պատերազմէն ետք, ապշելու բան էր երբ նկատեցինք, որ դիմատետրի վրայ բազմահարիւր անձեր սկսան «հեղինակաւոր» կարծիքներ յայտնելու զինուորական, ռազմագիտական ու զինուորական մարտավարութեան այնպիսի խրթին հարցերու մասին, որոնք հասու են միայն մասնագէտ զինուորականներու: Բազմահարիւր (կամ՝ բազմահազար) անձեր ալ, առանց մտածելու, թէ հայկական իրականութեան մէջ ինչպիսի՛ վնասակար մթնոլորտ ու հանրային կարծիք կրնայ ստեղծուիլ հայկական միջավայրէն ներս, առանց երկմտանքի, իրենց դիմատետրի էջերով տարածեցին այդ էապէս վնասակար տեսակէտները: Պահ մը տարուեցանք մտածելու, որ այսքան ռազմագէտ եւ զինուորական արուեստի հմուտ մարդիկ կան եղեր մեր մէջ եւ ոչ ոք լուր ունի…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031