Անցեալ շաբաթ մեր Ազգային Ժողովին մէջ պատահածը առիթ ստեղծեց որ վաղուց գրել ուզածս թուղթին յանձնեմ:
Աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ, ուր խորհրդարան գոյութիւն ունի, ինչ անունով ալ կոչուի անՙ Փարլըման, Քոնկրէս, Ազգային ժողով, թէ այլ, որպէս իշխանութիւն, որ տուեալ երկրին ժողովուրդը կը ներկայացնէ, կազմուած ըլլալու է հատընտիր մարդոցմով, որոնք իրենց մասնագիտական բացառիկ յատկանիշներով, վաստակով եւ նկարագրով յարգուած ու շահած ըլլալու են ժողովուրդին վստահութիւնը, որ իրենց տուած է իր ձայնը եւ իրենք ձեւով մը դարձած են խօսափողը զիրենք ընտրողներուն:
Ընտրեալ երեսփոխանը, կամ պատգամաւորը թարգմանիչը ըլլալու է ժողովուրդի փափաքներուն, երազանքներուն, առաջարկներուն, բողոքներուն եւ պետութենէն ակնկալիքներուն, այնպէս որ ոեւէ անձի չի վստահուիր այսպիսի լուրջ առաքելութիւն, ճիշդ ատոր համար ալ ընտրեալը պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնէ, զինք ընտրողները յուսախաբ չընելու:
Սակայն որքանո՞վ իրականութիւն կը դառնայ այս տեսութիւնը, այդ ալ ուրիշ հարց է. ոչ միայն ուրիշ հարց, այլեւ իսկական աղէտ, երբ երեսփոխանը չի յաջողիր ինքզինք ակնկալուած բարձունքին վրայ պահել եւ թոյլ կու տայ այնպիսի արարքներ, որոնք յարմար են միայն փողոցային պատանիներու…
Հեռատեսիլով յաճախ կը ցուցադրուին զանազան երկիրներու խորհրդարաններուն մէջ երեսփոխաններու գզուըռտուքը, ձեռքով-ոտքով կռիւները, իրարու երեսին ջուր սրսկելը, իրարու վրայ աթոռ նետելը, որուն հետեւանքով շապիկ ու բաճկոն կը պատառոտի ու քիթ-բերան կ՛արիւնի, եւ այս բոլորըՙ խորհրդարանի նախագահին մուրճի հարուածներով կարգապահութեան հրաւիրող ի զուր արձակուած կոչերուն զուգահեռ:
Կը դիտեմ այս տեսարաններն ու կը զարմանամ, ինչպէ՞ս փողոցային աստիճանի կ՛իջնէ ժողովուրդին ներկայացուցիչը:
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ազգ» շաբաթաթերթի այսօրվա համարում