«Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, որ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դիւանագիտական բողոքագիր մը յանձնած է Ֆրանսայի Կրթութեան եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններուն։
Բողոքագիրին մէջ գանգատ կը ներկայացուի Ֆրանսայի երկրորդական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած ըլլալուն «1915ի դէպքեր»ը, որոնք Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն։
Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, քննադատելով խնդրոյ առարկայ դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ընտրութիւնը՝ ըսած է, որ այդ մասին պնդումները հիմնուած են «կեղծ փաստաթուղթեր»ու վրայ, փոխանակ անկողմնակալ տուեալներու վրայ հիմնուելու։
Յիշենք, որ 2015-ին տրուած որոշումով մը, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան նիւթը կը դասաւանդուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին առնչուած դասանիւթին մէջ: Օրին, Ֆրանսայի Կրթութեան Նախարարութիւնը յաջողութեամբ դիմակայած էր այն ճնշումներուն, որոնք ի գործ դրուեցան Անգարայի եւ անոր նեցուկ կանգնողներու կողմէ: