«Եռագույն».Հոկտեմբեր 10 -ին, Պէյրութի «Ֆոր սիզընս» պանդոկի մուտքին առջեւ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան կազմակերպած խաղաղ ցոյցը, որու ընթացքին բաժնուեցան թռուցիկներ եւ արձակուեցան թրքական ուրացման քաղաքականութիւնը դատապարտող կարգախօսներ:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի ցոյցը ուղղուած էր ընդդէմ թրքական նորաձեւութեան ցուցադրութեան մը:
Նորաձեւութեան ցուցադրութեան այս ձեռնարկին կը մասնակցէին 3 թուրք ձեւագէտներ:
Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան, «Թըրքիշ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան եւ Թրքական մշակութային կեդրոնին կողմէ: