Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ո՞ւր Է Չօպանեանը, ո՞ւր է Եկարեանը, ո՞ւր է Թէքէեանը, ո՞ւր է Մամուլեանը…

Հոկտեմբեր 06,2017 13:30

Փողոցներու աննունները կարեւորութիւն ունին, մանաւանդ երբ անոնք ժողովուրդի մը պատմութիւնը կ՝անմահացնեն: Հանրածանօթ անձեր եւ դէպքեր կը յիշատակուին եւ անոնք պատմութիւն կը յուշեն:

Սերկէյ Աւագեան քանի մը տարի առաջ հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց շատ հետաքրքրական եւ կարեւոր գիրք մը «Երեւանի Փողոցները» անունով՝ 265 եջերու վրայ տարածուած, լոյս տեսած Երեւանի մէջ 2010 թուականին:

Արձանագրուած են փողոցներու անունները՝ այբբենական կարգով՝ տալով որոշ տեղեկութիւններ իւրաքանչիւրին մասին – վայրը, համայնքը, անուանակոչումը, շրջապատը, եւայլն: Յիշատակումներ կան նաեւ հրապարակներու, շէնքերու, փողոցներու վրայ գտնուող յուշարձաններու, քանդակներու եւ արձաններու:

Գիրքը ունի կարեւոր նախաբան մը աշխարհի հնագոյն բնակավայրերէն Երեւան քաղաքի պատմութեան մասին՝ տալով նաեւ ժամանակի ընթացքին անոր կռած վերիվայրումները: Կան նաեւ 1879էն սկսեալ Երեւանի քաղաքային խորհուրդներու նախագահներուն եւ քաղաքապետներուն անունները, լուսանկարները՝ իրենց ծառայած ժամանակաշրջանով:

Իր բովանդակութեամբ կարծեմ իր տեսակին մէջ առաջինն է Աւագեանի այս հատորը՝ արդիւնք նուիրումի ու տքնաջան աշխատանքի եւ անշուշտ շնորհաւորելի ներդրում մը կը բերէ Հայոց պատմութեան անդաստանին: Ըստ հեղինակին, փոքր պակասներ կամ վրիպումներ կրնան ըլլալ, եւ ինք պատրաստ է ճշդումներ կատարելու:

1924-ին Ալեքսանտր Թամանեանին պաշտօն տրուեցաւ Երեւանի փողոցներն ու շէնքերը հիմնադրելու, որովհետեւ մայրաքաղաքին բնակչութեան թիւը սկսած էր աճիլ: Նոր փողոցներ սկսան կառուցուիլ եւ գրեթէ մեծամասնութեամբ կոչուեցան համայնավար ղեկավարներու անունով (Թամանեանը մեղաւոր չէ), իսկ անկախութենէն ետք որոշ փողոցներու անունները կրկին սկսան փոխուիլ:

Աւագեան իւրաքանչիւր փողոցի մասին տուած է տեղեկութիւններ: Օրինակ. «Վազգէն Սարգսեան փողոց գտնւում է կենտրոն համայնքի տարածքում: Սկսւում է Շահումեանի անուան հրապարակի երկու կողմերից, հասնելով Հանրապետութեան Հրապարակ: Փողոցն անուանակոչուել է Վազգէն Սարգսեանի յիշատակին: Ծնուել է 1959 մարտի 5ին Արարատ մարզի Արարատ գիւղում: Աւարտել է Երեւանի ֆիզկուլտուրայի ինստիտուտը: 1990-1991-ին նշանակուել է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար», եւ այլ տեղեկութիւններ:

Այս գիրքը կարդացի շատ ուշադրութեամբ, մանրամասնօրէն եւ մհծ հետաքրքրութեամբ: Որոշ հարցեր յառաջացան միտքիս մէջ: Անհանգստութիւն մը զգացի Հայաստանի ղեկավարութեան եւ պատասխանատու պաշտօնեաներու նկատմամբ, որովհետեւ կային անուններու բաւական բացթողումներ, որոնք գիտակցաբար, անգիտակցաբար կամ անտարբերութեամբ եւ կամ ալ հաշուենկատութեամբ կատարուած էին: Դժուար է ճշդել: Բնականաբար հեղինակը կապ չունի այս հարցին մէջ, սակայն ցաւալի է, որ այս երեւոյթները կան: Ինչի՞ վերագրել: Կը յուսամ, որ սխալ չեմ հասկցուիր:

Շնորհակալութիւն, որ փողոցներ կան Քրիստափորի, Վրացեանի, Քաջազնունիի, Սօսէի անուններով: Բայց ո՞ւր են այն փողոցները, որոնք պիտի կոչուէին Վանի ինքնապաշտպանութեան ղեկավար Արմենակ Եկարեանի, Արմէնականներու ղեկավար Մկրտիչ Աւետիսեանի, Հնչակեան կուսակցութեան ղեկավարներէն Սապահ-Կիւլեանի, Միհրան Տամատեանի, Նահապետ Ռուսինեանի, Արմ Մկրտիչ Փորթուկալեանի, որոնց մասին Հայաստանի Հանրագիտարանը սիւնակներ տրամադրած է:

Շնորհակալ ենք, որ կան փողոցներ, որոնք կը կրեն անունները Մեծարենցին, Դանիէլ Վարուժանին, Զապէլ Եսայանին, Գրիգոր Զոհրապին, Պետրոս Դուրեանին, Պարոյր Սեւակին, Գէորգ Էմինին, Վահագն Դաւթեանին եւ ուրիշներու: Բայց ո՞ւր են Արփիար Արփիարեանի, Արշակ Չօպանեանի, Վահան Թէքէեանի, Լեւոն Շանթի, Սիամանթոյի, Ռուբէն Մամուլեանի անուններով փողոցները:

Քաղաքապետարանն ու պատասխանատուները աւելի լուրջի պիտի առնեն պատմական, քաղաքական, մշակութային եւ նման հարցեր ու մանաւանդ չափանիշները պիտի պահեն իրենց բարձրութեան վրայ: Կարելի չէ պատմութիւնը խեղաթիւրել, երբ մանաւանդ պետութեան հետ գործ ունինք:

Կը թելադրենք, որ գիտակից եւ լուրջ մօտեցում ցուցաբերեն պատասխանատուները եւ փողոցներու նոր անուանակոչումներու ձեռնարկեն տիտնականներու մասնակցութեամբ առանց պատմութիւնը խեղաթիւրելու:

Փրօֆ. ՕՇԻՆ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Յ. Գ. Երբ բարեկամի մը կարդացի այս յօդուածը, ան զարմացած ըսաւ. «Ծօ տղայ, ուրիշ տերտ չունիս: Հայաստանը աւելի կարեւոր հարցեր ունի. արտագաղթ, անարդարութիւն, անգործութիւն, շարունակեմ» ….Քիչ մը մտածեց ու ըսաւ «Իրաւունք ունիս: Գրածներդ արտագաղթի հետ կապ չունին»:

«Առավոտ»

05.10.2017

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել