Այս համագումարին, շատ պիտի փափաքէի կարծիքս յայտնել երկու հարցերու վերաբերեալ՝ Սփիւռք-Հայաստան Համահայկական խորհուրդի կազմաւորման եւ Հայաստանի անկախութեան հարիւրամեակի տօնակատարութեանց վերաբերեալ: Այս երկու կարեւոր հարցերը քննարկուեցան ընտրովի կամ նշանակովի մարդոց փակ շրջանակի մը մէջ…
Հաւանաբար, մասնակից չըլլալու այս զգացողութիւնն է, որ շատերը կը մղէ համագումարի 2րդ օրն իսկ բացակայելու նիստերէն, կամ՝ միջանցքներու մէջ շրջագայելով գոհանալու: Երկրորդ օրը, օրինակ, ներկայ ըլլալով պաշտպանութեան հարցերով կարեւոր խնդիրներու քննարկման՝ նկատեցի, որ Սփիւռքէն հազիւ մատի վրայ հաշուըւողներ միայն ներկայ էին դահլիճին մէջ: Որո՞ւն համար էին ուրեմն այդ քննարկումները, որոնք պէտք է հետաքրքրութիւն յառաջացնէին Սփիւռքի մէջ՝ խթանելով անոր ներգրաւումը աշխատանքներուն մէջ:
Այս բոլորին եթէ միացնենք այն իրողութիւնը, որ համագումարի ղեկավարման ու նիստերու նախագահութեան մեծագոյն բաժինը վերապահուած էր պետական պաշտօնեաներու, որոնք ներկայացուցին, ամփոփեցին ու եզրակացուցին նիւթերը, ապա կրնաք պատկերացնել, թէ ներկաները իրենք զիրենք որքանո՛վ մասնակից զգացին համաժողովի աշխատանքներուն…
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում