Յստակ է, որ Դաշնակցութիւնն ու Հանրապետական կուսակցութիւնը գաղափարական գործընկերներ չե՛ն: Այն դաշինքը, որ այժմ ի մի բերած է երկու քաղաքական ուժերը, կոչուած է հնարաւոր դարձնելու երկու կուսակցութեանց համագործակցութիւնը ազգային գերամեծար նպատակներու շուրջ, յատկապէս երկրին դիմագրաւած արտաքին սպառնալիքներու մարզին մէջ։
Ըսած եմ ասկէ առաջ եւ կը կրկնեմ. գործող դաշինքին մէջ նախագահին կուսակցութիւ-նը կը ներկայացնէ մենաշնորհային համակարգի դասակարգային շահերը, իսկ Դաշնակցութիւնը կը ներկայացնէ հանրութեա՛ն շահերը: Հարց պէտք է տալ, թէ արդեօք այս երկու շահակցական շերտերու հանդիպումը հնարաւո՞ր է այս կէտին վրայ, երբ երկրի արտադրողական միջոցները լայն չափերով կը գտնուին մենաշնորհային համակարգի հակակշիռին տակ, որ ընկերային անարդարութեան գլխաւոր գործօնն է երկրէն ներս: Այս հարցումին պատասխանը կը բխի դաշինքի յառաջիկայ օրերու եւ ամիսներու արդիւնաւոր ընթացքէն: Փաստը այն է, որ յանկարծ քաղաքական բեմը — գէթ սկզբունքօրէն — ծնունդ տուած կը թուի ըլլալ հանգիտութեան իր նոր եզրերուն… Յանկարծ երկու ուժերու հաւաքական յանձնառութեամբ կը թուի բիւրեղացած ըլլալ ընկերային գործի գործադաշտը՝ «պատերազմական» յայտարարելով գոյութիւն ունեցող արդարութեան ճգնաժամը երկրէն ներս…
Ուրեմն եկած է ժամանակը լօզունգներէն անդին անցնելու: Եկած է ժամանակը Դաշնակցութեան «պլատֆորմ»ը դաշինքէն ներս վերածելու գործօն քաղաքականութեան: Եկած է ժամանակը խիզախ քայլերով կազմաքանդելու ազգային տնտեսութեան կեանքը պատուհասող մենաշնորհային համակարգը: Ընկերային արդարութեան հրամայականը այսօր միայն մէ՛կ առաջնահերթ թիրախ ունի Հայաստանի մէջ. իշխանութիւնը պէտք է կարենայ տարանջատել ինքզինք մենաշնորհային համակարգի շահերէն եւ սկսի գործելու իբրեւ հանուր ազգի ներկայացուցիչը՝ արմատականօրէն կարգաւորելով երկրի տնտեսակարգը եւ զայն բերելով մրցակցային դաշտէն ներս: Ասով պէտք է նշանաւորուի դաշինքը որպէս հաւաքական մտատեսիլ:
ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Հոդվածն ամբողջությամբ՝ «Ասպարեզ» օրաթերթի այսօրվա համարում