Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե՛ր, գիտ­ցէք որ «Արի Տուն»ի մաս­նա­կից սփիւռքա­հայ երի­տասարդնե­րուն մեծ մա­սը որ­պէս իրենց «տուն»-ը չեն նկա­տեր ձեր եր­կի­րը. Սեւան Տէյիրմենճեան. repairfuture.net

Սեպտեմբեր 16,2017 21:17

repairfuture.net.Անցեալ օգոստոսի 9ին «Ակօս» շաբաթաթերթի մէջ լոյս տեսած Սեւան Տէյիրմենճեանի այս յօդուածը անմիջական արձագանքն է այս ամառ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան կողմէ ամէն տարի կազմակերպուող «Արի Տուն» ծրագրին ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին, որ ինքնութեան խնդրի շուրջ ծագած վէճ մըն էր Ուկրաինայէն և Պոլիսէն ժամանած երիտասարդներու միջեւ: Թուրքիայէն ժամանած խումբը կը պնդէ թէ Սփիւռքի նախարարութիւնը երկար ժամանակ անյաղորդ մնացած է և մասնակիցները, ապահովութեան համար, ստիպուած եղած են վաղաժամ վերադառնալ Իստանպուլ: Այս միջադէպէն յետոյ Սեւան Տէյիրմենճեան կը մատնանշէ Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններուն մէջ առկայ հակասականութիւնները, որոնք կը վերաբերին ինքնութեան, հայերէնի գործածման և Հայաստանի հանրապետութեան հետ կապին:

Հայաս­տա­նի Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան կող­մէ ամէն տա­րի կազ­մա­կեր­պուող «Արի Տուն» ծրա­գիրը առա­ջին հա­յեաց­քէն ու­նի բա­րի նպա­տակ մը՝ Հա­յաս­տա­նին, ոմանց խօս­քով հայ­րե­նիքին կա­պել այն երի­տասարդնե­րը, որոնք ծնած ըլ­լա­լով այդ երկրին սահ­մաննե­րէն դուրս, պէտք եղա­ծին չափ չեն ճանչնար զայն, անոր պատ­մութիւ­նը չեն գի­տեր, աւան­դութիւննե­րուն, նիս­տուկա­ցին ծա­նօթ չեն եւլն։ Ծրա­գիրին կազ­մա­կեր­պի­չը Հա­յաս­տա­նը կը նկա­տէ տուն մը, ուր պէտք է վե­րադառ­նան աշ­խարհաց­րիւ հա­յերը։ Նոյն այդ կազ­մա­կեր­պի­չը հա­յերէնն ալ վստա­հաբար կը նկա­տէ միակ ու ան­փո­փոխ մայ­րե­նին բո­լոր այն հա­յերուն հա­մար, որոնք ծնած են «ար­տա­սահ­ման»ի մէջ։ Հե­տեւա­բար թոյ­լատրե­լի կա­րելի չէ նկա­տել որե­ւէ «օտար» լե­զուի գոր­ծա­ծու­թիւնը այդ ծրագ­րի շրջա­նակ­նե­րուն մէջ։ Առա­ւել եւս թրքե­րէնի գոր­ծա­ծու­թիւնը, որ այ­պա­նելի արարք մըն է ան­կասկած…

Ձեռ­նարկին խո­րագիրն ան­գամ կը մատ­նէ այն մտայ­նութիւ­նը, որ կը տի­րէ Սփիւռքի նա­խարա­րու­թեան մի­ջանցքնե­րուն։ «Արի Տուն»։ Սփիւռքա­հայ հա­սարակ մահ­կա­նացու մը, մա­նաւանդ աշա­կերտ մը, նոյ­նիսկ շատ ան­գամ վար­ժա­րանի մը մէջ պաշ­տօ­նավա­րող ու­սուցիչ մը, հա­յաս­տանցի­ներու կող­մէ յա­ճախ գոր­ծա­ծուող «արի» հրա­մայա­կանը պի­տի շփո­թէ Արի արա­կան անու­նին հետ, որ յա­ճախ կը գոր­ծա­ծուի Պո­լիսի եւ այլ գա­ղութնե­րուն մէջ եւ պի­տի հարցնէ միամ­տա­բար՝ «Արին ո՞վ է»։

Ոչ միայն Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը, այլ իրենց կող­մէ պար­գե­ւատ­րուած սփիւռքի հա­յապահ­պաննե­րը այս պա­րագա­յին մէկ բան կ՚ըսեն՝ «Թող սոր­վին, հոգ չէ»։

Տու­նի պա­րագան ալ կայ, ան­շուշտ։ Հայ­րե­նասի­րական, ազ­գա­սիրա­կան կեղծ խօս­քե­րը մէկ կողմ պի­տի ձգեմ ու ան­կեղծօ­րէն պի­տի յայ­տա­րարեմ, թէ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը ին­ծի հա­մար տուն մը չէ, պի­տի չըլ­լայ ապա­գային ալ, նոյ­նիսկ երբ օր մը հոն բնա­կիմ։ Շատ սի­րելի վայր մըն է, ուր ու­նիմ բազ­մա­թիւ ըն­կերներ, յի­շատակ­ներ։ 1993-2005 թուական­նե­րուն, այ­սինքն 12 տա­րի հոն ու­սա­նած եմ, ապ­րած եմ։ Թե­րեւս շատ աւե­լի այն ան­ձե­րէն, որոնք օրն ի բուն «Հա­յաս­տա­նը մեր հայ­րե­նիքն է» կը պո­ռան… Եւ շատ սի­րելի Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե՛ր, գիտ­ցէք որ «Արի Տուն»ի մաս­նա­կից սփիւռքա­հայ երի­տասարդնե­րուն մեծ մա­սը, մէկ կողմ ձգե­ցէք զգաց­մունքա­յին յայ­տա­րարու­թիւնը, որ­պէս իրենց «տուն»ը չեն նկա­տեր ձեր եր­կի­րը։ Ամէն մարդ ու­րախ է հոն, ուր կ՚ապ­րի, ուր ծնած է։ Այս խոս­տո­վանու­թիւններն ալ ան­շուշտ ոչինչ նշա­նակու­թիւն ու­նին, գի­տեմ, եւ պի­տի չփո­խեն այն մտայ­նութիւ­նը, զոր ու­նիք դուք եւ ձեր քա­նի մը տա­րին ան­գամ մը Երե­ւանի կեդ­րո­նին տաս­նօ­րեայ զբօ­սաշրջա­կան պտոյտներ կա­տարող սփիւռքա­հայ հա­յապահ­պաննե­րը. «Թող գիտ­նա՛ն որ իրենց տու­նը հոս է»։

Հոն ուր կայ այս մտայ­նութիւ­նը ան­խուսա­փելի է բա­խու­մը գո­նէ թրքա­հայ խումբե­րուն հետ։ Բո­լոր այն ձեռ­նարկնե­րուն ըն­թացքին, որոնք կազ­մա­կեր­պուած են «Արի Տուն»ի մտայ­նութիւ­նը ու­նե­ցող Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րուն կող­մէ, խնդիր­ներ ծա­գած են թրքա­հայ խումբե­րուն հետ՝ սկսեալ Հա­մահայ­կա­կան խա­ղերէն մին­չեւ «Արի Տուն»ի նման պա­տանե­կան հա­ւաք­նե­րը։ Գլխա­ւոր հար­ցը թրքե­րէնի գոր­ծա­ծու­թիւնը եղած է շատ ան­գամ։ Նե­րելի է երբ Ռու­սաստա­նի խումբը խօ­սի ռու­սե­րէն, կամ Ֆրան­սա­յինը՝ ֆրան­սե­րէն, կամ Ար­ժանթի­նինը՝ սպա­ներէն… Ազ­գա­սիրու­թեան կամ հայ­րե­նասի­րու­թեան այն տե­սակը, որու խոր­քին եր­բեմն կը նկա­տուի Ցա­րական Ռու­սաստա­նէն մին­չեւ այժմ աւան­դուած հա­կաթրքա­կանու­թիւն մը, ան­կա­րելի է որ ըն­դունի այն իրա­կանու­թիւնը, թէ հայ ժո­ղովուրդի լե­զու­նե­րէն մէկն ալ թրքե­րէնն է, նոյ­նիսկ շատ աւե­լի քան ֆրան­սե­րէնը, անգլե­րէնը։ Թէ՝ օրի­նակ Թէ­քէեանի մը մայ­րը թրքա­խօս էր, պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նի հա­յու­թիւնը եր­բեմն թրքա­խօս էր մեծ մա­սամբ, ու­նէինք թրքե­րէնով ստեղ­ծա­գոր­ծողներ… Ան­շուշտ, ցան­կա­լի է որ ամէնքն ալ խօ­սին հա­յերէ­նով, սա­կայն երբ մար­դի­կը իրենց «տու­նը» կը կան­չէք՝ ձգե­ցէք որ խօ­սին այն լե­զուով, որով հան­գիստ կը զգան իրենք զի­րենք։

Երբ մտայ­նութիւ­նը կը փո­խուի մօ­տեցումն ալ կը փո­խուի, բա­րեբախ­տա­բար։ Ու­ղեկցած եմ խումբե­րու՝ մաս­նակցե­լու «Կիւլպէն­կեան» հաս­տա­տու­թեան նա­խաձեռ­նութեամբ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նարկնե­րուն կամ լսած եմ բազ­մա­թիւ վկա­յու­թիւններ այն ան­ձե­րէն, որոնք Հա­յաս­տա­նի մէջ կը մաս­նակցին տար­բեր կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու մի­ջոցա­ռումնե­րուն, ինչպէս՝ «Թու­մօ»ի կամ Դի­լիջա­նի մի­ջազ­գա­յին դպրո­ցի ամ­րան ճամ­բարնե­րը։ «Արի Տուն»ի նման պո­ռոտ խո­րագիր­ներ թէեւ չու­նին անոնք եւ ոչ ալ սո­վետա­կան կո­մերիտ­միու­թեան նախ­կին վա­րիչ մը իրենց գլու­խը։ «Սո­րուեց­նե՛նք»ի, «թող սոր­վի՛ն»ի, «հա­յերէ՛ն պէտք է խօ­սիք»ի մտայ­նութիւ­նը տի­րապե­տող չէ այդ հա­ւաք­նե­րուն, ուր ամէն մարդ իր ու­զած լե­զուն կը խօ­սի, մի՛ մտա­հոգուիք, քա­նի մը օր ետք առանց գի­տակ­ցե­լու, ինքնա­բերա­բար, հա­յերէն ալ կը սկսին խօ­սիլ, Հա­յաս­տանն ալ կը ճանչնան, հա­յաս­տանցին ալ կը տես­նեն ու կը սի­րեն։ Յա­ջորդ տա­րի վերստին մաս­նակցե­լու խոս­տումով ալ կը բաժ­նուին իրար­մէ։

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռքի նա­խարա­րու­թիւնը մին­չեւ որ մտայ­նութեան փո­փոխու­թիւն մը չկա­տարէ՝ նման վէ­ճերն ալ ան­խուսա­փելի են։ Սա­կայն այնքան ժա­մանակ որ­քան նա­խարա­րու­թիւնը կը հե­տեւի աւան­դա­կան սփիւռքի տա­րած­քին իր կող­մէ շքան­շա­նատ­րեալ խմբա­գիր­նե­րու գրած­նե­րուն, որոնք «ան­յարգա­լիր կե­ցուածք»ով, «ան­խո­հեմ որո­շում»-ով, «կա­թիլ մը ջու­րի մէջ փո­թորիկ ստեղ­ծել»ով կը մե­ղադ­րեն պա­տանի­ները՝ առանց խոր­քա­յին քննու­թեան մը են­թարկե­լու խնդի­րը, հա­զիւ թէ բա­ներ մը փո­խուին. հե­տեւա­բար, նա­խարա­րու­թիւնն ալ կը շա­րու­նա­կէ ըն­կա­լուիլ որ­պէս կազ­մա­կեր­պութիւն մը, որ երկրին մէջ սա­սանած վար­կը կը փոր­ձէ ոտ­քի պա­հել սփիւռքի մէջ։

Սեւան Տէյիրմենճեան

Գրող և ուսուցիչ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
252627282930