ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը որոշած է իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին հեղինակաւոր «Ազատութեան» մրցանակը շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի երեսփոխան Կարօ Փայլանին, որ անդամ է Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան:
«Կարօ Փայլան իսկապէ՛ս ժամանակակից հայ հերոս մըն է, որ քաջաբար եւ անվախօրէն իրականութիւնը կը խօսի ու կը փորձէ արդարութեան հասնիլ՝ ուղղակի պայքարելով Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ։ Ան արժանի է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի հեղինակաւոր «Ազատութեան» մրցանակին, եւ մեզի համար պատիւ է, որ ան որոշած է նաեւ ելոյթ ունենալ Հայ Դատին կազմակերպած խորհրդաժողովին ընթացքին», այս առթիւ կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Նշենք, որ խորհրդաժողովը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 6-7-ին, Փասատինայի «Convention Center»ին մէջ, ի մի բերելով քաղաքականութեան, իրաւագիտութեան, արուեստներու եւ լրատուամիջոցներու մարզերէն մասնագէտներ, քննելու համար Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան առնչուող շարք մը հարցեր։ Խորհրդաժողովին մասնակցութիւնը ազատ է, սակայն պէտք է նախապէս արձանագրուիլ՝ այցելելով www.eventbrite.com/e/2017-anca-wr-grassroots-conference-registration-37526433573 կայքէջը։
Յիշեցնենք, որ Փայլան Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ ընտրուած է Յունիս 7, 2015ին եւ հիմնադիր անդամներէն մէկն է երկրին մէջ փոքրամասնութեանց իրաւանց պաշտպան՝ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան: Մալաթիացի Փայլան նաեւ գործօն անդամ է Պոլսոյ հայ համայնքին, միաժամանակ քիւրտերու, այլ փոքրամասնութեանց ու ընդհանրապէս մարդկային իրաւանց նուիրեալ պաշտպան մըն է, որ կը ջատագովէ երկրին մէջ երկլեզու ուսման կարեւորութիւնը։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում