ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբը վաւերացուցած է Արցախի եւ Հայաստանի նպաստող կարգ մը որոշումներ, որոնք մաս պիտի կազմեն 2018ի պետական ամավարկի արտաքին օժանդակութեանց բաժինին։
Որոշումներէն մէկուն համաձայն՝ Հայաստանի տրամադրուող օժանդակութիւնը պիտի աւելնայ՝ հասնելով 20.7 միլիոն տոլարի։
Յանձնախումբը նաեւ որոշեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ զէնքերու վաճառքներու սահմանափակումներ պարտադրել, միաժամանակ շեշտելով Արցախի իշխանութեանց ուղղակի օժանդակութիւններ տրամադրելու կարեւորութիւնը։
Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունեց այս որոշումները, զանոնք համարելով յստակ պատգամներ՝ ժողովրդավարական սկզբունքներ ոտնակոխող Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն ուղղուած։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում