Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գնահատելի և գիտական մոտեցումով լուրջ աշխատանք. Ասպետ Մանճիկյանը՝ Հրանուշ Հակոբյանի աշխատության մասին

Օգոստոս 25,2017 18:15

Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթում օգոստոսի 23-ին լույս է տեսել Ասպետ Մանճիկյանի հոդվածը ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանի՝ վերջերս լույս տեսած «Հայկական սփյուռքը հարափոփոխ աշխարհում» աշխատության վերաբերյալ: «Արﬔնպրես»-ը ներկայացնում է հոդվածն ամբողջությամբ.

«Ստացուած Գիրքեր. «Հայկական Սփիւռքը Յարափոփոխ Աշխարհում» (Հեղինակ` Հրանուշ Յակոբեան)

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Երեւանի մէջ 2017-ին լոյս տեսաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի «Հայկական սփիւռքը յարափոփոխ աշխարհում» գիրքը, բաղկացած` 651 էջերէ:

Նախաբանին մէջ հեղինակը կ՛ըսէ, որ 21-րդ դարուն զարգացում կ՛ապրի սփիւռքագիտութիւնը, որ կ՛անդրադառնայ «սփիւռք» երեւոյթի գրեթէ բոլոր շերտերուն, կ՛ուսումնասիրէ «սփիւռք» հասկացողութիւնը` պատմական, հոգեբանական, ընկերային, տնտեսական, գաղափարական, քաղաքական, իրաւական եւ այլ տեսանկիւններէ: Կը գումարուին սփիւռքի նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ եւ կը կազմակերպուին քննարկումներ:

Գիրքին առաջին գլուխը հայկական սփիւռքի պատմութիւնը եւ արդի բնութագիրն է:

Հրանուշ Յակոբեան կը  ներկայացնէ հայկական սփիւռքի ձեւաւորման փուլերը, ան կ՛ըսէ, որ  հայկական գաղթաշխարհը ձեւաւորուած է հին ժամանակներուն: Հայաստան, գտնուելով Արեւմուտքի եւ Արեւելքի քաղաքակրթական խաչմերուկին վրայ, անընդհատ ենթարկուած է նուաճողական արշաւանքներու: Պետականութեան երկարատեւ բացակայութիւնը հայ ժողովուրդի որոշ հատուածներու ստիպած է հեռանալ հայրենիքէն, գաղթել այլ երկիրներ եւ սկիզբ դնել հայկական գաղթավայրերու ձեւաւորման:

Հայկական սփիւռքի բնութագիրը տալով Յակոբեան կ՛ըսէ, որ Հայաստանէն դուրս ապրող հայերուն թիւը կ՛անցնի եօթը միլիոնը: Հայը, ուր որ ալ հաստատուած է, իր հետքը ձգած է, ստեղծած է հայկական ցանցեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ, մշակութային կեդրոններ, տպարաններ, թանգարաններ, գրադարաններ եւ այլ կառոյցներ: Անգնահատելի է համահայկական կազմակերպութիւններուն դերակատարութիւնը սփիւռքի մէջ հայ ազգային ինքնութեան պահպանման, հայրենիքի հետ կապերու ամրապնդման եւ ազգային խնդիրներու լուծման գործին մէջ: Համահայկական կառոյցները վիթխարի դեր կատարած են Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ բանաձեւերու, յայտարարութիւններու ընդունման, Արցախի հիմնախնդրի ներկայացման, սփիւռքի կազմակերպման, հայրենիք-սփիւռք գործակցութեան ամրապնդման ուղղութեամբ:

Հրանուշ Յակոբեան կը շեշտէ ըսելով, որ հայկական սփիւռքը հայ պահելու, աճող սերունդը ազգային արժէքներուն ու արմատներուն հաւատարմութեան ոգիով դաստիարակելու, քրիստոնէական հաւատքը հայուն մէջ պահպանելու գործին մէջ պարտական ենք Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցիին, որ 1700 տարիէն աւելի հաւատարիմ է իր առաքելութեան: Ներկայիս սփիւռքի  մէջ կը գործեն հայկական 727 եկեղեցիներ, մատուռներ եւ վանքեր:

Սփիւռքի մէջ ստեղծուած են եւ կը ստեղծուին հայագիտական հարուստ արժէքներ: Այսօր աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կան գործող 107 հայագիտական կեդրոններ, 30 թանգարաններ, գրադարաններ, արխիւներ, որոնք կը հարստացնեն ոչ միայն հայագիտութիւնը, այլեւ համաշխարհային քաղաքակրթութեան գանձարանը:

Յակոբեան կը շարունակէ ըսելով, որ հայկական շահերու պաշտպանութեան լծուած են հայ ազգային քաղաքական կուսակցութիւնները եւ լոպիական կառոյցները, որոնք, անկախ ծրագրային զգալի տարբերութիւններէ, համազգային խնդիրներու մէջ ունին միասնական մօտեցում:

Հեղինակը կ՛ըսէ, որ այսօր հարիւրէ աւելի երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ կը գործեն 637 մշակութային կեդրոններ ու միութիւններ, հարիւրաւոր երգի, պարի համոյթներ, ասմունքի խումբեր, երաժշտական, նկարչական դպրոցներ եւ ուսուցողական խմբակներ:

Հրանուշ Յակոբեան կ՛ընդգծէ ըսելով, որ հայերը մեծ ներդրում ունին համաշխարհային քաղաքակրթութեան մէջ: Մեր ժողովուրդը աշխարհին տուած է բազում հռչակաւոր գիտնականներ: Անգնահատելի է հայերու ներդրումը յատկապէս բնագիտութեան, քիմիագիտութեան, մեքենաշինութեան, բժշկագիտութեան, տիեզերագիտութեան, օդանաւաշինութեան, ռազմական, բարձր արհեստագիտութեան եւ այլ գիտութիւններու զարգացման բնագաւառներուն մէջ:

Հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն շատեր հռչակ ու ճանաչում ձեռք բերած են գրականութեան, արուեստի, երաժշտութեան, կերպարուեստի, ճարտարապետութեան, թատրոնի եւ այլ ասպարէզներու մէջ:

Օժտուած ըլլալով հաւաքական ինքնագիտակցութեամբ եւ կապուած ըլլալով հայ հայրենիքի հետ` սփիւռքը միաժամանակ ունի հայկական ինքնութեան պահպանման, սերունդները հայ պահելու լուրջ խնդիր, որ նաեւ հայոց պետութեան գերխնդիրներէն է, կ՛ըսէ Յակոբեան: Հայ ինքնութեան պահպանումը անհրաժեշտ է միասնականութեան եւ տեսակի պահպանման համար: Հայկական սփիւռքը դարձած է անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան շարունակութիւնն ու մրցակցային առաւելութիւնը, անոր անվտանգութեան բաղադրիչը: Սփիւռքը դարձած է յաւերժ ներկայութիւն Հայաստանի մէջ, հայկական մերօրեայ իրականութեան անբաժանելի մասը:

Այնուհետեւ Հրանուշ Յակոբեան կը ներկայացնէ տարբեր երկիրներու հայկական համայնքները, իւրաքանչիւրին մասին պատմական հակիրճ տեղեկութիւններով եւ վիճակագրական տուեալներով:

Համահայկական մասնագիտական կառոյցին մասին խօսելով Յակոբեան կ՛ըսէ, որ հայկական սփիւռքը կը բնութագրուի կազմակերպական որոշակի ձեւերու առկայութեամբ: Անոնք հայրենակցական միութիւններն են, հասարակական կառոյցները, ազգային, մշակութային եւ քաղաքական միաւորումները: Համասփիւռքեան կառոյցներ են հայ եկեղեցին` առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն, սոցիալ-դեմոկրատ Հնչակեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութիւնները, Համազգային, Թէքէեան, Նոր սերունդ կրթական եւ մշակութային միութիւնները, ՀՄԸՄ, ՀԵԸ եւ ՀՄՄ երիտասարդական կառոյցները, ՀԲԸՄ-ը, Հայ օգնութեան եւ Հայ կանանց միջազգային միութիւնները եւ Հայ դատի յանձնախումբերը:

Այսօր աշխարհի աւելի քան հարիւր երկիրներու մէջ կը գործեն 30 հազարէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, շուրջ 300 լրատուամիջոցներ եւ եկեղեցական հզօր ցանց:

Յակոբեան կը հաստատէ ըսելով, որ Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան ստեղծումէն ետք հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ ձեւաւորուեցան աշխուժ յարաբերութիւններ, որոնց դրական արդիւնքները ակնյայտ են:

Յակոբեան այնուհետեւ կ՛ըսէ, որ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրները դիմակալելու համար սփիւռքի կառուցուածքային զարգացում, համախմբում եւ ճկուն մօտեցումներ կը պահանջուին: Կարեւոր կը նկատուի Երեւանի մէջ սփիւռքի հիմնախնդիրներու ուսումնասիրութեան կեդրոնի մը ստեղծումը, ինչպէս նաեւ համահայկական խորհուրդի մը ստեղծումը:

Հայագիտական կեդրոններու մասին խօսելով Հրանուշ Յակոբեան կ՛առաջարկէ ստեղծել հայագէտներու համահայկական ընկերակցութիւն եւ հայագիտութեան նուիրուած միջազգային գիտաժողովներ ու քննարկումներ կազմակերպել եւ Հայաստանը դարձնել հայագիտութեան միջազգային կեդրոն:

Հրանուշ Յակոբեան այնուհետեւ կը ներկայացնէ հայ մամուլը յարափոփոխ աշխարհին մէջ եւ կ՛ըսէ, որ հայ մամուլը հայու ճակատագրին ուղեկիցն ու թարգմանը եղած է իր գոյութեան ամբողջ ընթացքին: Հայ մամուլի ընդհանրական ու բնորոշ եղած է ոսկեղենիկ մայրենիի քարոզչութեան ու տարածման միջոցով հայկական ինքնութեան ու հայ ոգիի պահպանումը, հայապահպանումը: Հեղինակը կ՛առաջարկէ, տեղեկատուական ահռելի հոսքը ի նպաստ հայուն եւ Հայաստանի նպատակաուղղելու, թուրք-ազրպէյճանական հայատեաց, կեղծ եւ ապատեղեկատուական քարոզչութիւնը դիմակալելու համար Հայաստանի եւ սփիւռքեան կառոյցներու ուժերով քայլեր ձեռնարկել` ստեղծելու հայաստանակեդրոն ընդհանուր տեղեկատուական համակարգ, ինչպէս նաեւ արդիւնաւէտ կերպով տարածել Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական տեղեկատուութիւնը:

* * *

Գիրքին երկրորդ գլուխով Հրանուշ Յակոբեան կը խօսի Հայաստանի եւ սփիւռքի ներկայ մարտահրաւէրներուն մասին:

Յակոբեան կ՛ըսէ, որ աշխարհի մէջ ծայր առած սրընթաց զարգացումները կը փոխեն տարածաշրջաններու ժողովրդագրական, մշակութային, տնտեսական, քաղաքական պատկերը: Բնակչութեան զանգուածային տեղաշարժերը, պատերազմական օճախները, ահաբեկչութիւններն ու բռնութիւնները դարձած են չարիք յատկապէս զարգացած երկիրներու համար: Կրօնական հակասութիւնները, աղքատութեան տարածումը եւ երկիր մոլորակի հարստութեան անհամաչափ բաշխումը կ՛ազդեն աշխարհի բնակչութեան գործելակերպին վրայ: Այս գործընթացները կ՛ազդեն հայկական համայնքներուն վրայ եւ զանոնք կառուցուածքային փոփոխութիւններու կ՛ենթարկեն: Վերջին տարիներուն Միջին Արեւելքի իրադարձութիւնները իրենց բացասական կնիքը դրին հայկական շարք մը հայահոծ համայնքներու գոյութեան վրայ:

Տարածաշրջանային մարտահրաւէրները Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի առջեւ կը ծառանան Հայաստանի անկախութեան ձեռքբերումէն ի վեր: Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ծաւալած հակամարտութիւնը չէ հանգուցալուծուած: Ազրպէյճանական կողմը փորձած է եւ կը փորձէ վիժեցնել բանակցային գործընթացը: Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ղեկավարութիւնները բոլոր ջանքերը կը գործադրեն` Արցախի հակամարտութեան կարգաւորումը իրականացնելու բանակցութիւններու միջոցով, խաղաղ ճանապարհով:

Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք, Թուրքիա կը շարունակէ իր գործողութիւններով մնալ իբրեւ տարածաշրջանը ապակայունացնող գործօն:

Հրանուշ Յակոբեան կ՛առաջարկէ ջանքեր գործադրել, որպէսզի օտարութեան մէջ հայկական, ազգային ներուժը եւ նիւթական արժէքները ուղղորդուին դէպի հայրենիք` փոխելու Հայաստանի ու Արցախի ինչպէս ժողովրդագրական ու ընկերային, այնպէս ալ տնտեսական, քաղաքական ու ընկերային, մշակութային իրավիճակը, այդպիսով նաեւ նպաստելով տարածաշրջանային հաւասարակշռութեան: Ազգային նպատակ դարձնել ժողովրդագրական ցուցանիշներու էական բարելաւումը: «Հզօր Հայաստան»-ի կառուցումը ամրագրել իբրեւ կարգախօս եւ համարել բոլոր հայերու կարեւոր խնդիրը: Միայն հաւաքական ուժով կրնանք հայրենիքը դարձնել զարգացած ու բարեկեցիկ: Զօրութիւնը միութեան մէջ է:

Հայոց ցեղասպանութեան հարցին անդրադառնալով Յակոբեան կ՛ըսէ, որ Թուրքիա ոչ միայն չի ճանչնար Հայոց ցեղասպանութիւնը, այլեւ պետական բարձր մակարդակով կը շարունակէ ժխտել ցեղասպանութեան փաստը: Անհանդուրժողութեան եւ սպառնալիքի պայմաններուն մէջ անգամ Թուրքիոյ մէջ կը գտնուին հայեր, որոնք համարձակօրէն կը խօսին 1894-1923 տարիներու իրադարձութիւններու մասին եւ հանդէս կու գան թրքական պետական ժխտողականութեան դէմ: Այսօր թրքական հասարակութեան մէջ ձեւաւորուած է մտաւորականութեան շերտ մը, որ կ՛ընդունի ճշմարտութիւնը:

Յակոբեան կ՛առաջարկէ հիմք ընդունելով Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրերորդ տարելիցին նուիրուած համահայկական հռչակագիրի դրոյթները, մշակել համազգային պահանջատիրութեան իրատեսական եւ յստակ սկզբունքներու վրայ հիմնուած` Հայաստան-սփիւռք փոխադարձ գործակցութեան համակարգուած եւ նպատակաուղղուած ամբողջական ռազմավարութիւն:

Հրանուշ Յակոբեան կը շեշտէ ըսելով, որ հայկական ինքնութիւնը պահպանող, ամրապնդող հիմնասիւներն են հայրենիքի հետ զգացական կապը, հայոց լեզուն, հայ մշակոյթը, հայկական ժառանգութիւնը, պատմական յիշողութիւնը, քրիստոնէութիւնը, հայ ընտանիքը, բարքերը եւ հասարակական կազմակերպութիւնները:

Յակոբեան կը շարունակէ ըսելով, որ մայրենի լեզուն, պետականութեան հետ միասին, հայ ազգի պահպանման հիմքն ու կարեւորագոյն գրաւականն է: Ազգային լեզուն ազգային գաղափարախօսութեան կարեւորագոյն հիմքն է:

* * *

Գիրքին երրորդ գլուխը` պետական քաղաքականութիւնը Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ոլորտին մէջ, կը խօսի Հայաստան-սփիւռք գոյակցութեան զարգացման պետական քաղաքականութեան եւ գործակցութեան նպաստող ծրագիրներու մասին:

Հրանուշ Յակոբեան կը խօսի հայկական սփիւռքի սահմանադրական ձեւակերպման եւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մասին. ան կ՛ըսէ, որ սփիւռքի նախարարութիւնը չի ղեկավարեր սփիւռքը եւ սփիւռքի հետ չաշխատիր հրամաններու, հրահանգներու միջոցով:

Յակոբեան կ՛ըսէ, որ Հայաստան կը պատկանի 10 միլիոնէ աւելի աշխարհասփիւռ հայութեան: Ատիկա կը նշանակէ, որ իւրաքանչիւր հայ ունի ե՛ւ իրաւունքներ, ե՛ւ պարտականութիւններ իր հայրենիքին նկատմամբ: Բոլորինն են հայրենիքի ե՛ւ ձեռքբերումները, ե՛ւ դժուարութիւնները:

Հրանուշ Յակոբեան կ՛եզրափակէ ըսելով, որ սրընթաց կերպով փոխուող աշխարհի մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունին գիտելիքը, բարձր արհեստագիտութիւնները եւ նորարարութիւնը: Օրինաչափօրէն կը փոխուին աւանդական պատկերացումները, աշխարհաքաղաքական ընկալումները, կը փոխուի նաեւ հայկական սփիւռքը: Հայկական պետականութեան եւ աշխարհասփիւռ հայութեան առջեւ ծառացած արտաքին եւ ներքին մարտահրաւէրները կը պահանջեն նոր որակ եւ բովանդակութիւն հաղորդել հայոց պետականութեան ամրապնդման եւ հայապահպանման գրաւականին` Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան:

Գնահատելի եւ գիտական մօտեցումով լուրջ աշխատանք մը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է իբրեւ հանրագիտարանային տեղեկութիւններ ներառած հրատարակութիւն։

ՀՀ Սփյուռքի նախարարություն

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Օգոստոս 2017
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուլ   Սեպ »
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031