ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Ուրացման Ճարտարապետները» ֆիլմը ծանուցող պաստառներուն տեղադրումը արգիլող «Ամերիքանա»ի որոշումին դէմ Հինգշաբթի, Օգոստոս 17ին Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպած մամլոյ ասուլիսէն քանի մը ժամ առաջ, «Ամերիքանա» շուկայի սեփականատէր «Քարուսօ Ըֆի-լիէյթըտ» հաստատութեան փոխ-տնօրէն Ճեքի Լեւի ստորագրութիւնը կրող եւ Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբին հասցէագրուած նամակ մը տեղեկացուց, թէ պաստառները ձրիաբա՛ր պիտի ծանուցուին «Ամերիքանա»ի մէջ։
Լեւի այդ նամակին մէջ նաեւ դատապարտած է աշխարհի տարածքին բոլոր բռնարարքները, ներառեալ՝ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որուն ուրացման համար Թուրքիոյ գլխաւորած արշաւին մասին է վերոյիշեալ վաւերագրական շարժապատկերը։
Կլենտէյլի Հայ Դատի յանձնախումբը կ՛ողջունէ այս ուշացած բայց կարեւո՛ր որոշումը՝ շեշտելով, որ ասիկա միայն առաջին քայլն է հայութեան նկատմամբ «Ամերիքանա»ին եւ «Քարուսօ Ըֆիլիէյթըտ»ին ցուցաբերած ոչ-զգայուն մօտեցումը սրբագրելու ջանքերուն։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Ասպարեզ»–ի կայքում